Երկու գերլցանաւ, որոնք կը փորձէին ապօրինի կերպով անցնիլ Հորմուզի նեղուցի հարաւային հատուածէն, շարքէ դուրս եկած են՝ ծովային ականներու վրայ պայթելու հետեւանքով։ Այս մասին նշուած է Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի յայտարարութեան մէջ։
«Այսօրուան սկիզբէն ի վեր երկու օրինախախտ գերլցանաւ, որոնք կը փորձէին անցնիլ Հորմուզի նեղուցի չարտօնուած հարաւային երթուղիէն, ծովային ականի հանդիպելէ, պայթումէ եւ ուժգին հրդեհէ ետք, շարքէ դուրս հանած են իրենց մեքենական բաժանմունքները եւ տեղւոյն վրայ կանգ առած», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Կը նշուի, որ երկու նաւերը միասին կը փոխադրէին աւելի քան 4.5 միլիոն պարել անմշակ նաւթ։ Հզօր պայթումներու եւ բռնկած ուժգին հրդեհներու հետեւանքով երկու նաւերն ալ կորսնցուցած են իրենց ընթացքը եւ անշարժացած տեղւոյն վրայ։ Վնասուած նաւերուն անձնակազմերը տարհանուած են, իսկ գերլցանաւերը լքուած են Հորմուզի նեղուցին հարաւային ափամերձ գօտիին մէջ։