Անցնող մէկ օրուան ընթացքին երեք լցանաւ հրդեհուած է՝ Հորմուզի նեղուցի չնախատեսուած հարաւային ուղիով անցնելու ժամանակ ականներու վրայ պայթելէ ետք։ Այս մասին յայտնած է Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ռազմածովային ուժերու հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը։
«Անցնող մէկ օրուան ընթացքին կանոնները խախտած երեք լցանաւեր, Հորմուզի նեղուցի չնախատեսուած հարաւային ուղիով անցնելու ժամանակ ականներու հետ բախելէ ետք, պայթած եւ հրդեհուած են», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ռազմածովային ուժերու տուեալներով՝ նաւերը անջատած էին իրենց նաւագնացութեան համակարգերը եւ, անտեսելով նախազգուշացումները, փորձած էին արգիլուած ուղիով դուրս գալ նեղուցէն։
Ռազմածովային ուժերը յայտարարած են, որ այդ ուղին վտանգաւոր է, իսկ անկէ անցնելու պատասխանատուութիւնը կը կրեն նաւատէրերն ու անձնակազմերը, որոնք պէտք չէ ուշադրութիւն դարձնեն ընկերային ցանցերուն մէջ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հրամանատարութեան տարածած «պատրանքներուն»։
Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ռազմածովային ուժերու ներկայացուցիչներու խօսքով՝ ամերիկեան բանակի աջակցութեամբ կատարուող որեւէ սադրիչ գործողութիւն, որ կ՚անտեսէ նեղուցով անցնելու կանոնները, վճռականօրէն պիտի կասեցուի։