image
Հրատապ լուրեր:

Հոգշ. Տ. Հրայր Աբղ. Պայտունեանը ժամանեց Ճէզիրէի շրջան

Հոգշ. Տ. Հրայր Աբղ. Պայտունեանը ժամանեց Ճէզիրէի շրջան

Ընդառաջելով Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի փափաքին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի տնօրինութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նորաօծ միաբաններէն՝  Հոգշ. Տ. Հրայր Աբղ. Պայտունեան ժամանած է Գամիշլի։

Յառաջիկայ օրերուն, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը հանդիպումներ պիտի ունենայ միութիւններու պատանիներուն հետ՝ զրուցելու Դպրեվանքի եւ հոգեւոր կոչումի մասին, ինչպէս նաեւ պիտի մատուցէ Ս. Եւ Անմահ Պատարագներ՝ Գամիշլիի Ս. Յակոբ, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եւ Տէրիքի (Մալիքիյէ) Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջ։

Ճէզիրէի շրջանի հայ համայնքը սիրով կ՚ողջունէ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբին եւ կը մաղթէ անոր օրհնաբեր եւ արդիւնաշատ ծառայութիւն։