Լիբանանի անվտանգութեան մարմիններ (Ներքին գործոց նախարարութեան ուժեր) օրերս հրապարակած են օրեր առաջ բացայայտուած եւ «Թիք-թոքի գործ» անունով յայտնի դարձած մեղասակիցներու խնդրին մասին նոր տուեալներ։
Հրապարակուած տուեալներուն մէջ կը հանրայնացուի նաեւ հայ մեղադրեալին անունն ու լուսանկարը, որ անմիջական կապ ունի այդ գործին հետ։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ APPO ծածկանունով երիտասարդը սեփականատէր է Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ գտնուող վաճառատան մը, ուրկէ ալ իր մասնակցութիւնը բերած է պատանիները շահագործելու դատապարտելի ու օրէնքով պատճելի երեւոյթներուն։
«Արեւելք»ի հետեւորդներուն յիշեցնենք, որ «Թիք-թոքի գործ»ին մասին մանրամասն գրած էին օրին, նշելով նաեւ, որ տարբեր ասպարէզներու ետին թաքնուած անհատներ շահագործելով իրենց կապերը գումարի դիմաց պատանիներու հանդէպ «թրաֆիքինկ»ի արարքներու դիմած են։
Դէպքերը մեծ աղմուկի պատճառ դարձած էին Լիբանանի մէջ, որուն հետեւանքով ալ թէ դատաիրաւական եւ թէ ալ ապահովական մարմինները կտրուկ քայլերու դիմած էին։
Ներկայ փուլին այս գործով կան տասնեակ բանտարկեալներ։