image
Հրատապ լուրեր:

Հրադադար պիտի չըլլայ. Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը նշեց պատճառը

Հրադադար պիտի չըլլայ. Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը  նշեց պատճառը

Իսրայէլ չի համաձայնիր Կազայի հատուածին մէջ մարդասիրական դադարներուն, քանի դեռ անկլաւի մէջ պահուող պատանդներն ազատ չեն արձակուած։ Այս մասին, ինչպես գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը։

«Վերջին շրջանին մենք աւելի ու աւելի յաճախ կը լսենք «մարդասիրական դադար» բառերը: Կ՚ուզեմ ըսել, որ ինծի համար մարդասիրական դադարն առաջին հերթին մեր պատանդներն են, մեր կանայք, երեխաներն ու ծերերը: Մարդասիրական դադար չըլլար առանց պատանդներու վերադարձի»,-ըսած է Կալանթը մամուլի ասուլիսին։