Իսրայէլ չի համաձայնիր Կազայի հատուածին մէջ մարդասիրական դադարներուն, քանի դեռ անկլաւի մէջ պահուող պատանդներն ազատ չեն արձակուած։ Այս մասին, ինչպես գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը։
«Վերջին շրջանին մենք աւելի ու աւելի յաճախ կը լսենք «մարդասիրական դադար» բառերը: Կ՚ուզեմ ըսել, որ ինծի համար մարդասիրական դադարն առաջին հերթին մեր պատանդներն են, մեր կանայք, երեխաներն ու ծերերը: Մարդասիրական դադար չըլլար առանց պատանդներու վերադարձի»,-ըսած է Կալանթը մամուլի ասուլիսին։