image

Հրաչեայ Սարգսեան ստանձնեց Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը

Հրաչեայ Սարգսեան ստանձնեց Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը

Երեւանի աւագանիի այսօրուայ նիստին ընթացքին հանդիսաւոր պայմաններու մէջ տեղի ունեցաւ Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը: 

Արարողութեան ներկայ էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեան, այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

«Ստանձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը՝ երդւում եմ Երեւանի քաղաքապետի լիազօրութիւնները իրականացնելու ընթացքում պահպանել ՀՀ Սահմանադրութիւնը, օրէնքները, Երեւանի աւագանու որոշումները, ազնուօրէն եւ բարեխղճօրէն կատարել Երեւանի քաղաքապետի լիազօրութիւնները, ծառայել Երեւանի բարգաւաճմանը, գործել ի բարօրութիւն նրա բնակիչների: Պարտաւորւում եմ հոգ տանել մեր հնագոյն մայրաքաղաքի փառքի  պահպանման եւ բազմապատկման համար, պաշտպանել համայնքի իրաւունքները, օրինական շահերը եւ սեփականութիւնը, ուժերիս անմնացորդ նուիրումով սատարել ժողովրդի հաւատին, նպաստել նրա նիւթական եւ հոգեւոր վերելքին», ըսաւ Հրաչեայ Սարգսեանը:

Երդման պաշտօնական մասէն յետոյ անոր յանձնուեցաւ Երեւանի քաղաքապետի խորհրդանիշ լանջաշղթան։