image

Արամ Սարգսեան. «Ոչ մի կառուցողական ընդդիմութիւն չի ձեւաւորուելու»

Արամ Սարգսեան. «Ոչ մի կառուցողական ընդդիմութիւն չի ձեւաւորուելու»

Պարոն վարչապետ, ամենայն յարգանքով, բայց չհասկցայ Ձեր այսօրուան խօսքը որո՞ւ ուղղուած էր: Այս մասին դիմատետրեանան իր էջում գրած է «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանը։

«Համոզուած եմ՝ Դուք էլ շատ լաւ գիտէք, որ քանի դեռ խոշոր օլիգարխիան քաղաքական յայտ ներկայացնելու հնարաւորութիւն ունի, քանի դեռ դրսից ղեկավարուող ուժերը գրանցւում են որպէս կուսակցութիւն եւ հնարաւորութիւն են ստանում ընտրութիւններին մասնակցելու, քանի դեռ ՀՀ ընտրութիւններում քուէի դիմաց գումար առաջարկող կայ, բայց չկայ որեւէ դատավճիռ, քանի դեռ իշխանութիւնը ՀՀ քաղաքական կեանքին կապ չունեցող կուսակցութիւնների հետ դաշինք է կազմում, իսկ միջին ու ներքին օղակներում այնպիսի վարչական ճնշում գործադրում, որ բարձրանում է մրցակից առաջադրուողի շալակը, ոչ մի կառուցողական ընդդիմութիւն էլ, ահել, թէ ջահել, չի ձեւաւորուելու։

Իսկ ընդհանրապէս՝ ԵՄ անդամակցութեան յայտ պէտք է ներկայացնել, որ Բելառուսի չվերածուենք»,-գրած է ան։

Աւելի վաղ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած էր, որ Հայաստանէն պէտք է արմատախիլ ընել լրտեսական ընդդիմութիւնը, որ կը կառավարուի դուրսէն, պէտք է ձեւաւորուի նոր՝ պետականակեդրոն ընդդիմութիւն, բայց այն պէտք չէ կառավարութիւնը ձեւաւորէ։