image

ՀՄՄ Հալէպի բանակումը նուիրուած էր միութեան 100-ամեակին

ՀՄՄ Հալէպի  բանակումը նուիրուած էր միութեան 100-ամեակին

ՀՄՄ-ի Պանծալի 100 ամեակին նուիրուած Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտական բանակումը իր աւարտին հասած է 6 Սեպտեմբերին: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ ՀՄՄ-ի Հալէպի սկաուտական միաւորէն:

Հալէպի ՀՄՄ-ի վաշտը կատարած է իր տարեկան բանակումը նուիրուած ՀՄՄ-ի 100 ամեակին Քեսապի Գալատուրան գիւղի ՀՄՄ-ի սեփական բանակավայրին մէջ, 29 Օգոստոսէն մինչեւ  6 Սեպտեմբեր։

Բանակումի առօրեան ընդհանրապէս ընդգրկած է դաստիարակչական բաժին, արշաւներ եւ պտոյտներ: 

Իսկ կիրակի՝ 5 Սեպտեմբերի երեկոյեան սկաուտական վաշտը աւանդական տողանցքով մը ելոյթ ունեցած է Քեսապի փողոցներուն մէջ, ներկայութեամբ բազմաթիւ ծնողներու եւ հիւրերու: Տողանցքին յաջորդած է խարուկահանդէսը, ուր սկաուտները վերահաստատած են իրենց հաւատարմութիւնը եւ նուիրուածութիւնը ողջ հայութեան եւ ներկայացուցած գեղարուեստական յայտագիր մը: