image

Ռուսիա հարուածած է Քիեւի Հիւսիսային կամուրջը

Ռուսիա հարուածած է Քիեւի Հիւսիսային կամուրջը

Ռուսական զօրքերը երրորդ օրն անընդմէջ հարուածներ հասցուցած են Քիեւի Դնեպր գետը հատող կամուրջներուն։ Այսօր առաւօտեան Քիեւի քաղաքապետ Վիտալի Կլիչկօ յայտարարած է, որ այս անգամ հարուած հասցուած է Հիւսիսային կամուրջին (մինչեւ 2018 թուականը՝ Մոսկովեան կամուրջ)։

Կլիչկոյի համաձայն՝ կամուրջին վրայ վնասուած են ինքնաշարժներու երթեւեկութեան ճանապարհը եւ թրոլեյպիւսներու օդային գիծերը։ Դնեպրի ձախ ափէն դէպի աջ ափ երթեւեկութիւնը ժամանակաւորապէս կասեցուած է։

Աւելի ուշ Քիեւի քաղաքային պետական վարչութիւնը յայտնած է, որ Հիւսիսային կամուրջին վրայ տեղի ունեցած յարձակման պատճառով կասեցուած ինքնաշարժային փոխադրութեան երթուղիները վերսկսած են աշխատանքը՝ որոշ ուշացումներով։

Ճարտարապետական տեսարժան վայր հանդիսացող Հիւսիսային կամուրջը Ուքրանիոյ մայրաքաղաքի աջ ափի շրջանները կը կապէ Ռադուժնի, Վիգուրիւվշչինա-Տրոյեշչինա եւ Վոսկրեսենկա բնակելի թաղամասերուն հետ։

Երկու օրուան ընթացքին՝ հինգ հարուած Հարաւային կամուրջին

Հոկտեմբեր 1-2-ին ռուսական զօրքերը անօդաչու թռչող հինգ սարքերով հարուածներ հասցուցած են Քիեւի մէկ այլ՝ Հարաւային կամուրջին, որ մայրաքաղաքի աջ եւ ձախ ափերը իրարու կապող կարեւոր փոխադրական զարկերակ կը նկատուի։

Ներկայիս կամուրջը փակ է ինքնաշարժներու երթեւեկութեան եւ մետրոյին համար։ Քաղաքային իշխանութիւնները կամուրջին վիճակին վերաբերեալ մասնագիտական գնահատականներու կը սպասեն՝ մեթրոյի աշխատանքը վերսկսելէ առաջ։