Հայաստանի տարածքին մէջ յայտնուած ատրպէյճանցի զինծառայողի որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արամ Թորոսեանը։
Անոր խօսքով` այս պահուն յաւելեալ տեղեկութիւն չի կրնար յայտնել։
Յիշեցնենք, որ ապրիլ 10-ին Սիսիանի Բնունիս համայնքին մէջ ատրպէյճանցիներ յայտնուած են: Բնակիչներէն մէկու դռան զանգ տուած են, դուռը բացած կինը անմիջապէս դիմած է ոստիկանութիւն։ Աւելի ուշ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաստատած է տեղեկութիւնը` նշելով որ ՀՀ տարածքին յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու մէկ զինծառայող, իսկ մէկը կ'որոնուի։
Նշենք, որ Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը Ազգային Ժողովէն ներս մեկնաբանելով Նախիջեւանէն Հայաստանի տարածք զինուորներու ներթափանցման դէպքը ըսած է, որ սահմանը «դուռ չէ, որ բացեն եւ ներս մտնեն» եւ ընդգծած է բարդ տեղանքի եւ հսկայական տարածքի մասին:
Քոչարեանը նաեւ չի հաւատար, որ ատրպէյճանցիները Հայաստան մտած են ներթափանցման գործունէութեան համար։ Քոչարեանի կարծիքով՝ անոնք պարզապէս փախած են զօրամասէն ու մոլորուած։