image

Պատերազմի դադարէն ասդին ատրպէյճանցի 436 զինուոր ականի զոհ դարձած է

Պատերազմի դադարէն ասդին ատրպէյճանցի 436 զինուոր ականի զոհ դարձած է

2020 թուականի պատերազմի աւարտէն ի վեր Ատրպէյճանի մէջ ականներու զոհ դարձած է 436 մարդ։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Երկու օր անընդմէջ։ Երկու պայթում ականներու վրայ։ Երեք քաղաքացիական անձ վիրաւորուած է։ 2020 թուականի պատերազմի աւարտէն ի վեր Ատրպէյճանի մէջ ականներու զոհ դարձած է 436 մարդ։ Այս ողբերգական միջադէպերը յստակ կը յիշեցնեն այն մասին, որ հակամարտութեան մահացու ժառանգութիւնը կը շարունակէ սպառնալ մարդոց, խոչընդոտել վերականգնման եւ բարդացնել տեղահանուած անձանց անվտանգ վերադարձը»,-նշուած է ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։