30 դեկտեմբերին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այցելած է Հայաստանի հանրապետութեան արեւելեան սահմանագօտի, գտնուած է արդէն շահագործման յանձնուած նոյնանման տիպի զօրամասերէն մէկը, շրջած է եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացած կացարաններուն ընձեռած հնարաւորութիւններուն ու կենցաղային պայմաններուն եւ ճաշած զինծառայողներուն հետ։
Այս մասին յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն:

Նոյն օրը նախարար Պապիկեան շրջած է առաջնագիծի բարձրադիր յենակէտեր, հանդիպած մարտական հերթապահութեամբ Ամանորի գիշերը դիմաւորելու պատրաստուող ժամկէտային զինուորներուն։
Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը շնորհաւորած է զինծառայողները գալիք տօներու կապակցութեամբ, հետաքրքրուած անոնց ծառայութեամբ, տրամադրութեամբ եւ մաղթած զգօն ու անփորձանք ծառայութիւն։

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարեխիղճ եւ պատասխանատու ծառայութեան համար՝ նախարար Պապիկեան խրախուսած է մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինծառայողները արժէքաւոր նուէրներով։
Սուրէն Պապիկեան հանդիպած է նաեւ այդ օրը ժամկէտային երկամեայ ծառայութիւնն աւարտած զինուորներուն, շնորհակալութիւն յայտնած բարեխիղճ ծառայութեան համար՝ անձամբ անոնց յանձնելով զինուորական գրքոյկները։
