ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպանն այցելած է Եւրոպական Միութեան առաքելութեան կեդրոնակայան:
Այս մասին կը տեղեկանանք առաքելութեան X-ի էջէն։
«Պատիւ է հիւրընկալել Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը մեր շտաբէն ներս, ուր ան տեղեկացուած է առաքելութեան վերջին աշխատանքի մասին:
Ան նաեւ միացած է Խաչիկ գիւղի պարեկին, որ տեղւոյն վրայ հետեւի մեր գործողութիւններուն ։ Շնորհակալ եմ շարունակական աջակցութեան եւ համագործակցութեան համար»,-ըսուած է ՀՀ-ի մէջ ԵՄ առաքելութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: