image

Փաշինեան այցելած է Արհեստական Բանականութեան՝ Elevate AI գործարան

Փաշինեան այցելած է Արհեստական Բանականութեան՝ Elevate AI  գործարան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Գեղարքունիքի մարզի Գագարին բնակավայրին մէջ գործող «ԷԼԵՎԵՅԹ ԷՅԱՅ» արհեստական բանականութեան (ԱԲ) գործարան, որ Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ NVIDIA Blackwell B300 արհեստագիտութեամբ աշխատող առաջին ԱԲ գործարանն է: 

Նիկոլ Փաշինեանը շրջած է գործարանին մէջ, ծանօթացած տուեալներու կեդրոնի տեխնիկական հնարաւորութիւններուն, ընդլայնման ընթացիկ փուլին, ինչպէս նաեւ առաջիկայ ծրագիրներուն: Նշուած է, որ առաջին փուլի ներդրումային ծրագիրը կը կազմէ 150 մլն տոլար, որմէ շուրջ 70 մլն տոլարն արդէն իրականացուած է։ Ընդգծուած է, որ ենթակառուցուածքը նախատեսուած է արհեստական բանականութեան մեծածաւալ հաշուարկները սպասարկելու համար՝ սկսած ԱԲ մոտելներու ուսուցումէն մինչեւ պիզնես, գիտական եւ ճարտարանպետական կիրառութիւններ։ Գործարանի առաջին փուլի հզօրութիւնը 5 ՄՎթ է, որ ընդլայնման յաջորդ փուլին մէջ կը նախատեսուի հասցնել 40 ՄՎթ-ի։ Գործարկումէն ընդամէնը մէկ ամիս անց առկայ հզօրութիւնն ամբողջութեամբ ամրագրուած է՝ արտացոլելով Հայաստանէն եւ միջազգային շուկաներէն եկող պահանջարկը։ 

ՀՀ Կառավարութեան եւ ԱՄՆ Կառավարութեան միջեւ 2025թ. օգոստոս 8-ի ստորագրուած արհեստական բանականութեան եւ կիսահաղորդիչներու ոլորտի մէջ նորարարական գործընկերութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրի շնորհիւ թոյլտւութիւն տրուած է Nvidia Blackwell B300 տեսակի գրաֆիկական գոծընթացններու արտահանման: Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան եւ «ԷԼԵՎԵՅԹ ԷՅԱՅ» ընկերութեան միջեւ յունիս 1-ին ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր՝ ուղղուած ՀՀ-ի մէջ արհեստական բանականութեան էքոհամակարգի զարգացման, նորարարութեան խթանման, կարողութիւններու ձեւաւորման եւ կիրառական ծրագիրներու աջակցութեան։

Այցի շրջածիրէն ներս քննարկուած են նաեւ Հայաստանի մէջ ԱԲ ենթակառուցուածքի զարգացման հեռանկարները։