image

ՀԵԸ-ի Արիները դէպի Քեսապ

ՀԵԸ-ի Արիները դէպի Քեսապ

Օրերս Քեսապի մէջ մեկնարկած է ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի ամէնամեայ բանակումը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ՀԲԸՄ-ի Հալէպի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ «Հինգշաբթի 19 Օգոստոս 2021, երեկոյեան ժամը 10։00_ին հաւաքուեցան Գայլիկ-Արծուիկները իրենց Առաջնորդական կազմին հետ, որպէսզի մեկնին դէպի Քեսապ իրենց տարեկան մեծ բանակումին։ Գործադիր Մարմնի ատենապետ՝ Եղբայր Արտեմ Չիրիշեանը, փոխանցեց Սկաուտական Խորհուրդի ատենապետին՝ Եղբայր Յակոբ Սահակեանին, Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան դրօշակը՝ վստահ ըլլալով, որ զանոնք պիտի դառնան տէրն ու տիրականը մեր վսեմ դրօշակին և դառնան տիպար ու հնազանդ Հ.Ե.Ը._ական արիներ»։