image

Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի ծառայական ուղիին 45 տարիները՝ հաւատքի, նուիրումի եւ հովուական սիրոյ վկայութիւն

Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի ծառայական ուղիին 45 տարիները՝ հաւատքի, նուիրումի եւ հովուական սիրոյ վկայութիւն

Օրերս իր լրումին հասաւ Կիլիկեան Աթոռի ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք.ի աբեղայական ձեռնադրութեան 45-ամեակը։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը՝ Ազգային վարչութիւնը եւ Կրօնական ժողովը, հոգեւորականաց դասը, ծխական շրջանները, անձնակազմը եւ համայնքի զաւակները, ջերմօրէն   շնորհաւորած են  ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի աբեղայական  ձեռնադրութեան 45-ամեակը՝ սիրելի Սրբազան Հօր մաղթելով քաջառողջութիւն, խաղաղ հովուութիւն եւ ծառայական նորանոր ամեակներ։

Գեղամ Արքեպիսկոպոս Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան շարքերուն մէջ աբեղայ ձեռնադրուած է Լիբանան, 21 Յունիս 1981-ին, ձեռամբ հոգելոյս Տ. Տաթեւ Սրբազան Սարգիսեանի։ Իր հոգեւոր եւ առաջնորդական ծառայութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը նուիրումով ծառայած է Լիբանանի եւ Յունաստանի թեմերուն մէջ, իսկ այսօր Արեւմտեան Թեմը կը հանդիսանայ իր առաջնորդական առաքելութեան երրորդ կարեւոր հանգրուանը։

Թեմական Խորհուրդին կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է՝ 

«Սիրելի՛ Սրբազան Հայր, Ձեր աբեղայական 45-րդ տարեդարձը այս տարի կը զուգադիպի նաեւ Հայրերու տօնին։ Այս հոգեշահ առիթով, յանուն Արեւմտեան Թեմի բոլոր զաւակներուն, որդիաբար կը շնորհաւորենք Ձեզ եւ Ամենակալ Աստուծմէ կը խնդրենք, որ Ձեր ծառայական կեանքին պարգեւէ առոյգ եռանդ, երիտասարդական նոր աւիւն եւ անսպառ ուժ, որպէսզի մեր Թեմը շարունակէ դիմաւորել բազում փայլուն օրեր՝ Ձեր հայրական հոգածու շունչին եւ իմաստուն առաջնորդութեան ներքոյ։

Շնորհաւո՛ր ըլլայ Ձեր աբեղայական  ձեռնադրութեան 45-ամեակը, բոլորիս սիրելի Առաջնորդ Սրբազան Հայր»։