image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Անկախութեան տարիները իրենց վերիվայրումներով

Խմբագրական «Մասիս»ի. Անկախութեան տարիները իրենց վերիվայրումներով

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Կը թեւակոխէ իր անկախութեան 34 տարին: Այդ միջոցին  Հայ ժողովուրդը անցաւ բազում փորձութիւններու ու յուսախաբութիւններու ընդմէջէն, սակայն երբեք չկորսնցնելով իր հաւատքը ապագայի նկատմամբ:

21 Սեպտեմբեր, 1991-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէով հիմքը դրուեցաւ նոր պետականութեան մը« որ առաջին օրէն դէմ յանդիման գտնուեցաւ ցուրտ ու մութ տարիներու, պատերազմներու ու կործանուած տնտեսութեան, որոնցմէ դուրս գալու համար պահանջուեցաւ երկար ժամանակ ու մեծ զոհողութիւններ: Հայաստանը սկսաւ դատարկուիլ ու տասնեակ հազարաւոր հայեր բռնեցին արտագաղթի ճանապարհը` իրենց զաւակներու ապագան փնտռելով հեռաւոր ափերու վրայ:

Իշխանութեան եկան ու քսան տարի երկիրը կեղեքեցին բախտախնդիր անհատներ« որոնք իրենց անձնական շահը գերադասեցին երկրի բարօրութեան« ու այդ ճանապարհին գործեցին ՙՀոկտեմբեր 27-ի՚ ու ՙՄարտի 1-ի՚ սպանդները` առաջինը բացարձակ իշխանութեան տիրանալու« իսկ երկրորդը` հակառակ ժողովուրդի կամքին իշխանութիւնը պահելու համար:

2018-ի Մայիսին նոր արեւ ծագեցաւ Հայաստանի երկնակամարին վրայ, երբ ժողովուրդը ոտքի կանգնելով տապալեց զինք կեղեքող, ազատութիւնները  սահմանափակող ու երկիրը կործանման առաջնորդող վարչախումբին, այդպիսով աւելի յուսալի էջ մը բանալով  հասարակութեան առջեւ: Սակայն, վրայ եկաւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը, որ նոր յուսալքութիւն յառաջացուց  բովանդակ Հայութեան մօտ: Մտավախութիւն յառաջացաւ, որ նախկին մերժուածները կրնային վերադառնալ իշխանութեան« սակայն հակառակ պատերազմի ընթացքին կրած պարտութեան, ժողովուրդը մնաց հաւատարիմ թաւշեայ յեղափոխութեան գաղափարներուն ու վճռականօրէն պաշտպանեց նոր ձեռք ձգուած իր ազատութիւններն ու ժողովրդավարական սկզբունքները:

Վրայ եկաւ Արցախի կորուստն ու հայաթափումը, որոնց համար մեղքի մեծ բաժինը ինկաւ հիւսիսային դաշնակիցին վրայ« որ մեղսակից դարձաւ այդ մարդկային աղէտին: Այդ պահէն սկսեալ պաշտօնական Երեւանը եկաւ այն եզրակացութեան, որ այսուհետեւ պէտք է ապաւինիլ մի միայն իր սեփական ուժերուն ու այդ ընելու համար պէտք է առաջին հերթին դուրս գալ անվստահելի դաշնակիցի ուղեծիրէն ու վարել իր անկախ` ազգային շահերու վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը:

Այս օրերուն Հայաստան կը փորձէ կարգաւորել իր յարաբերութիւնները հարեւան երկիրներուն հետ, վերջ տալ պատերազմներուն ու ստեղծել ապահով ու խաղաղ միջավայր իր քաղաքացիներուն համար: Այ’ո այդ նպատակին հասնելու համար կը կատարէ որոշ զիջումներ, սակայն վստահելի դաշնակիցի բացակայութիւնը ու հակառակորդներով շրջապատուած ըլլալու հանգամանքը կը ստիպեն դիմելու այդ քայլին« որպէսզի Հայաստանը կարողանայ գոյատեւել այդ վտանգաւոր տարածաշրջանէն ներս` իր ժողովուրդին տալով առիթ բարգաւաճելու ու երկրին` տնտեսապէս հզօրանալու:

Դժբախտաբար կան ուժեր, որոնք կÿուզեն խլել ձեռք ձգուած ամբողջական անկախութիւնը ու Հայաստանը դարձնել մէկ այլ երկրի կրտսեր անդամ ու անոր շահերուն սպասարկող մէկ միաւոր, սակայն անոնք կը բախին ժողովուրդի հզօր դիմադրութեան ու մերժումին:

Անկախութենէն 34 տարիներ ետք կրնանք անվարան ըսել, որ Հայաստանի ապագան յուսադրող է ու մեր ժողովուրդը լաւատեսութեամբ կը նայի իր վաղուայ օրուան եւ պատրաստ է հաւաքական իր ուժերով յաղթահարել դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւնները ու միասնաբար կերտելու աւելի փայլ ապագայ:

Շնորհաւոր Անկախութեան Տարեդարձ:

 

Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»