image

Հայերէնը կը զուարճանայ (192)

Հայերէնը կը զուարճանայ (192)

1. Մի՛ ըսէք ու գրէք՝                              

--(այս)օրուընէ, շաբթուընէ, ամսուընէ, տարուընէ, ատենուընէ...

Որոնք գռեհիկ ըլլաու չափ ռամիկ են:

Հայերէնը աւելի արժանապատիւ վերաբերումի կը կարօտի:

Այլ ըսէ՛ք ու գրեցէ՛ք՝

--(այս)օրէ(ն), շաբաթէ(ն), ամիսէ(ն), տարիէ(ն), ատենէ(ն): 

2. Յետ,  ետ,  ետք, ետեւ 

Ուղղագրական ինքնուրոյն ծուղակ  սկսած են դառնալ այս բառերը:

Գրաբարեան յետ-ը  նախադրութիւն մըն էր, որ կազմուած է ետ արմատով եւ յ նախդիրով՝  ի ետ >  յետ

***Կը  պահանջէ սեռական հոլով խնդիր եւ կը նշանակէ ետք.  օրինակ՝ 

-- յետ մահու՝ մահէն ետք. մահու՝ սեռական հոլով:

-- յետ գերութեան՝ գերութենէ ետք. գերութեան՝ սեռական հոլով:

Շատ յատկանշական է, որ անոր աշխարհաբար հոմանիշը, աւելի ճիշդը՝ նոյնանիշը՝ ետք, կը պահանջէ  հայցական եւ բացառական հոլով խնդիրներ.

--մէկ ժամ ետք, երկու օր ետք,  վայրկեան մը ետք:

--կէսօրէն ետք, նախաճաշէն ետք,  կոտրելէ ետք, ասկէ ետք: 

***Գրաբարեան յետ-ը ունէր երկրորդ նշանակութիւն մըն ալ, որ էր դէպի ետեւ կամ դէպի ետ.  օրինակ՝

--Փոյթ ընդ փոյթ յետ հայի,— այսինքն՝ արագ-արագ դէպի ետեւ կը նայի:

--Յետ դարձուցանէ զջուրն Յորդանանու,— այսինքն՝ Յորդանան գետի ջուրը դէպի ետեւ  կամ դէպի ետ՝ հակառակ ուղղութեամբ կը դարձնէ:

3. Աշխարհաբարի մէջ յետ-ը կը պահէ իր առաջին նշանակութիւնը՝ ետք,  նոյն խնդրառութեամբ. օրինակ՝

--Յետ երկար վիճաբանութեան անոնք համաձայնեցան:

  (Վիճաբանութենէ ետք...)

--Յետ համաճարակի երեւան եկան նոր հիւանդութիւններ:

  (Համաճարակէն ետք...)

Նկատենք, որ ասոնք քիչ մը գրքունակ են, եւ մենք  կը նախընտրենք   կիրարկել ախարհաբար ետք հոմանիշը, որ  ժողովրդախօսակցական  է. գրաբարը չունէր ետք:

Իսկ անոր երկրորդ՝ ետեւ,  նշանակութիւնը այլեւս ի զօրու չէ աշխարհաբարի մէջ:  Անոր փոխարէն ահա աշխարհաբարը հնարած է ետեւ բառը:

4. Բառակազմութիւն

Աշխարհաբարի մէջ յետ-ը  ստացած է երկրորդ դերակատարութիւն մը. կցուելով իր խնդիրին՝ ան կը կազմէ զանազան ածականներ. օրինակ՝

-- յետ պատերազմի  >  յետպատերազմեան

-- յետ ջրհեղեղի  >  յետջրհեղեղեան 

-- յետ եղեռնի  >  յետեղեռնեան

Նաեւ՝ յետհամիտեան, յետխորհրդային, յետսահմանադրական  եւ այլն:

Նկատել, որ ասոնք միակտուր բառեր են եւ սխալ է բաղադրիչները գծիկով կապել,  ինչպէս կ’ընեն մեր կարգ մը թերթերը. օրինակ՝

-- յետ-եղեռնեան՝   «Պայքար»:

-- յետ-յեղափոխութիւն՝ «Ասպարէզ»:

--յետ-խորհրդային, յետ պատերազմեան՝ «Հայրենիք»:

5. Ետ

Արմատն է, ինչպէս ըսինք յետ-ին:

Աշխարհաբարի մէջ մակբայ է եւ կը նշանակէ կրկին, վերստին, երկրորդ անգամ. օրինակ՝ 

--Ձգեց գնաց, յետոյ ետ դարձաւ:

--Մէյ մը յիշեց անունը, հիմա ետ մոռցած է զայն:                                                            

                                                                      *   *   *

Արեւելահայերէնը ետ չունի.  փոխարէնը ունէր յետ, որ աբեղեան ուղղագրութեամբ դարձաւ հետ. նոյն ձեւով կը գրուի հետ (միասին) յետադրութիւնը:

--Թոորոսը մի քիչ հետ (յետ ՝ետ, ետեւ) եկաւ:

--Մարկոսը Կիրակոսի հետ (միասին)  շուկայ գնաց:

Արեւելահայ բառարաններու եւ գրութեանց մէջ այս երկուքը կը ներկայացնեն ուղղագրական եւ իմաստային լաբիւրինթոս մը,  որ մերթ անուշադրութեամբ, մերթ անփութութեամբ, եւ ընդհանրապէս  տգիտութեամբ կը փոխադրուի սփիւռքահայ մամուլի մէջ:

Այսպէս՝ 

--Մեզ մասնատելով տիրեցին մեր հողերին. հարկաւոր է հետ բերենք («Պայքար», 30/6/2024, էջ 3), փոխանակ  յետ-ի, այսինքն՝ յետ բերենք կամ ետ բերենք:

--Ցանկացած բարեգործութեան հետեւում թաքնուած են շահեր («Պայքար»,7/1/2024, էջ 3),  այսինքն՝ յետեւում կամ ետեւում:

--Ի՞նչ ենք կորցրել, ինչի՞ հետեւից ենք գնում (նոյն տեղը), այսինքն՝ յետեւից, ետեւէն:

--Արդիւնքում մենք ունենք հասարակութիւն, որը գնում է Փաշինեանի հետեւից։ Իսկ աւելի ճիշտ՝ Փաշինեանն է գնում այդ հասարակութեան հետեւից («Յուսաբեր», 23/9/2024)յ այսինքն՝ յետեւից, ետեւէն:

--Տնտեսական աճի հետեւում հիմնականում կանգնած է ոսկու արտահանումը (Յուսաբեր, 22/8/2024, էջ ), այսինքն՝ յետեւում, ետեւը:

--Այս իշխանութիւնները չեն կարող մեզ հետ պահել մեր իղձերից («Հորիզոն»,  23/9/2024), այսինքն՝ յետ, ետ:

6. Հետեւանքներ

Անշուշտ այս շփոթին առաջին հետեւանքը արեւմտահայուն համար անըմբռնելի բնագիրի մատուցումն է. բերուած օրինակները արեւմտահայուն համար անիմաստ են:

Նոյն շփոթին հետեւանքն են՝ յետայսու եւ յետագայ  սխալ ու անգոյ  կառոյցները:

Պարտինք գրել՝ այսուհետեւ եւ հետագայ:

Մրցոյթ.189

***Կէտերուն  տեղ դնել՝ փտուքէ  կամ  փտումէ:

---Կարտինալ Աղաճանեանի դիակը  աւելի քան կէս դար զերծ մնացած է փտումէ

***Ջնջէ՛ հետեւեալին հինգ աւելորդ բառերը.

---Հրդեհը տարածուեցաւ քաղաքապետութեան իրաւասութեան  տարածքին մէջ:

***Վերաշարադասէ հետեւեալները.

---Բարեբախտաբար կան տակաւին  գիրի եւ գրականութեան անզուգական դերին սակաւաթիւ հաւատացողներ:

---Յամենայնդէպս կայ Հայ գիրքի գոյութեան սպառնացող լուրջ վտանգ մը:

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալ երկու գոհարները.

---Պէտք է յանձնառու ըլլան ըսելու ճշմարտութիւնը եւ տէր կանգնելու  իրենց պատասխանատւութեան:

---Ամբողջ սրտով կոչ կ’ուղղեմ լրագրող բարեկամներուս՝  իրականութիւնը  ցոյց տալ(ու)  ճիշդ ինչպէս  որ է:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (7), Գեղամ Խաչատրեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (10), Համբարձում Յարթունեան(8),Դանիէլ Թիւֆենքճեան (5), Եփրեմ Թոքճեան (10), Պերճ Տէր Սահակեան (7):   

Մրցոյթ  190.

*** ա) ձեռագրերո՞ւն, թէ՞  բ) ձեռագրերուն հետ

---Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ բանաստեղծը կը ծանօթանայ հայկական . . . . .: 

***Հետեւեալէն զեղչէ՛ երկու բառ  եւ փոխարինէ՛ այլ բառ մը.

---Մեր քաղաքացիները հիւսիսի մէջ իրենց տուները վերադարձնելու միակ ձեւը զինուորական գործոթութիւն շղթայազերծելն է::

***Ջնջէ աւելորդ բառերը:

---Ան վերահաստատեց Ֆրանսայի աջակցութեան դիքորոշումը Լիբանանի ներկայ դժուարութիւններու յաղթայարման վերաբերեալ:

***Վերաշարադասէ՛  հետեւեալը.

---Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան չինացի իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպում ունեցաւ:

***Ի՞նչ փոփոխութիւն կը բերես «Արմէնպրես»-ի հետեւեալ լուրին.

---Ուզբեկստանի բնակչուհին բերման է ենթարկուեր՝ փորձելով 13-ամեայ աղջիկը փոխանակել բնակարանի հետ: 



Արմենակ Եղիայեան 

armenag@gmail.com