image

Հայերէնը կը զուարճանայ (136)

Հայերէնը կը զուարճանայ (136)

          1.Քանի՞ սխալ կրնայ բովանդակել մէկ նախադասութիւնը...Փորձենք տեսնել եւ դատել՝ հիմնուելով «Արարատ»-ի 18/7/2023-ի թիւի առաջին էջին վրայ:

            --«Յարութիւնեան յոյս ունի, որ նստացոյցը Հյաստանին, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներուն, Ֆրանսային եւ այլ երկիրներու կը մղէ իսկական քայլերու ձեռնարկել»:

            Այս օրինակը օժտուած է հինգ ուղիղ խնդիրով՝ Հայաստան, Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ երկիրներ, որոնք բոլորը տրական հոլով դրուած են՝ փոխանակ հայցականի:

            Իսկ ձեռնարկել բայը, որ պէտք է տրական հոլով դրուէր՝ ձեռնարկելու, դրուած է հայցական հոլով, միւս կողմէ՝ ան ճիշդ իր տեղն ալ չէ. կը կարօտի վերադասաւորումի:

            Ուրեմն հայերէնը կը պահանջէ, որ  բերուած օրինակը գրուէր՝

            --«Յարութիւնեան յոյս ունի, որ նստացոյցը կը մղէ Հյաստանը, Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ այլ երկիրներ՝  ձեռնարկելու  իսկական քայլերու»:

            2. Ան ունի ուրիշ անակնկալներ եւս, որոնք ստորեւ.

            --աւանդատէրներու կողմէ ներխուժումի ծիրին մէջ...

            Տէր գոյականը կու տայ տէրեր, հետեւաբար  նոյն  ձեւով պիտի յոգնականանան բոլոր տէր արմատով վերջացող բարդութիւնները, օրինակ՝ աւանդատէրեր, կալուածատէրեր, դրամատէրեր, տանտէրեր, մենատէրեր, պարտատէրեր եւ այլն:

            Այնքան պարզ է այս կանոնը, որ ըմբռնելի չէ, թէ բանական էակ մը ինչպէ՛ս  կրնայ չհասկնալ զայն ու անվրէպ չկիրարկել:

            --Քաղաքացին ոստիկանութեան յանձնեց յաւելեալ գումարը, զոր կը հատէր իր աւանդին չափը:

            «Աւանդին չափը հատել» կը նշանակէ դրամատան մէջ իր ունեցած գումարէն աւելին  ըլլալ:

            Ինչպէս կը նկատէք, շատ կոկիկ հայերէնով մը շարադրուած է, սակայն դժբախտաբար սխալ կիրարկուած է  զոր հայցականը, որուն փոխարէն պէտք է ունենայինք որ ուղղականը՝ իբրեւ ենթակայ.  «... որ կը հատէր իր աւանդին չափը»: 

            Նոյն սխալը հետեւեալին մէջ.

            --Քննարկել նախագիծը, զոր մշակուած է նախարարին կողմէ...

            «Մշակուած է» կրաւորական բայը պէտք ունի  որ ուղղական հոլով ենթակայի մը, իսկ բնագիրին մէջ զոր հայցականն է:

            Այս զոր եւ զորս կոչուածները, որոնք աշխարհաբար ալ չեն, դեռ շատ խաղեր պիտի խաղան մեր  անտէր գլուխներուն ու գրիչներուն,  մինչեւ որ բոլորովին մոռնանք զանոնք: Իսկ մինչ այդ՝ քաշելիք ունինք:

            --Իրաւունք կը ստանայ բողոքելու ընտանիքին մօտ...

            Բողոքել բայը պարզ ու վճիտ տրական հոլով կը պահանջէ. կը բողոքենք Թորոսին, Մարկոսին, երբեմն ալ ...Պիղատոսին, ու այսչափ. չենք ըսեր՝ Թորոսին մօտ, Մարկոսին մօտ, Պիղատոսին մօտ կամ Աստուծոյ մօտ:

            Այս մօտ կոչուածն ալ  բերնի ծամօն  դարձաւ  եւ արդի գրողը՝ արեւելահայ թէ արեւմտահայ, ամէն տեղ զայն փակցնելու հակամէտ է: Այս ալ  պէտք զամբիւղ նետել ու չյիշել այլեւս: Մանաւանդ չըսել՝ Չինաստանի մօտ Փաքիստանի դեսպանը... այլ Չինաստանի մէջ փաքիստանի դեսպանը:

            2. Փարամազը պայքարեցաւ իր ազգին հարազատ հողին վրայ բարեկեցութեամբ  եւ այլ ժողոուրդներու հետ  հաւասար ապրելուն համար (Արիս Պոտոտողան, «Ակօս», թիւ 1406, էջ 9):

            Գրողը չէ անդրադարձած, թէ Փարամազին հաշուոյն լեզուական ի՛նչ մեծ անհեթեթութիւն մը դուրս տուած է «ապրելուն համար» բառակապակցութեամբ, որ կը նշանակէ «ապրած ըլլալուն պատճառով»:

            Մինչդեռ  իր  միտք բանին  այն է, որ  Փարամազ  կը ցանկար  տեսնել  այն օրը, ուր հայ ժողովուրդը ուրիշներուն հաւասար կեանք ապրէր եւ չհալածուէր, չկոտորուէր, չտարագրուէր: Ուստի պէտք է գրէր՝ «ապրելու համար», որ կը նշանակէ ապրելու նպատակով:

            Ապրելու համար չիրականացած նպատակ ցոյց կու տայ, ապրելուն համար-ը՝ առկայ կամ անցած  պատճառ ցոյց կու տայ:

            3. Շարունակել  եւ շարունակուիլ

            --«Նիւթը տարբեր գետիններու վրայ պիտի շարունակուի քննարկուիլ» (անդ):

            Այս սխալը ատենը մէյ մը եւ քիչ մը ամէն անկիւնէ գլուխ կը ցցէ եւ սրբագրուելիք չունի. փակած է մեր լեզուին եւ գրիչներուն:

            Կրաւորական կամ չէզոք բայի հետ կարելի չէ  կիրարկել շարունակուիլ, պէտք է գրել շարունակել. ուրեմն՝

            «Նիւթը տարբեր գետիններու վրայ  պիտի շարունակէր քննարկուիլ»:

            --Անոր հարցը կը շարունակէ քննարկուիլ:

            --Անձրեւը կը շարունակէ տեղալ:

            --Ազերիներուն  կրակոցները կը շարունակեն  ուղղուիլ մեր կողմերը:

            --Այդ ակնարկութիւններդ կը շարունակեն թիրախաւորել իմ սիրելիներս:

            Այս չի նշանակեր, թէ շարունակուիլ կրաւորականը կ’արտաքսենք լեզուէն ու կը պահենք միայն ներգործականը՝ շարունակել:

            Ո՛չ, նման բան չկայ: Բաղդատել հետեւեալ կառոյցները.

            --Անոր հարցին քննարկումը կը շարունակուի:

            --Հեղձուցիչ տաքը  կը շարունակուի:

            --Ազերիներու կրակոցները կը շարունակուին մեր ուղղութեամբ:

            --Կարիքաւորներուն բերուած նպաստները  կը շարունակուին:

            Մրցոյթ 134.

            ***Վերաշարադրէ՛ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.

            ---Հրամանատարութիւնը կոչ ուղղեց  հետեւելու  միայն իր կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան:

            ---Սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը ամէնէն վտանգաւորներէն է:

            ---Նամակին բովանդակութիւնը ո՛չ միայն կ’ապշեցնէ մեզ, այլեւ չափազանց վտանգաւոր երեւոյթ մը կը պարզէ:

            ***Ո՞ր,  թէ՞ որպէսզի.

            ---Միջազգային քայլերը կրնան նպաստել,  որ վերացուի միջանցքին  փակումը:

            ---Պէտք է ստիպել Ազրպեյճանը, որ   վերջ տայ Արցախի շրջափակման:

            Ճիշդ պատասխանած են՝  Համբարձում Յարթունեան (4), Լիւսի Տէօքմեճեան (8), Գէորգ Եազըճեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (7),  Ցոլակ Ապտալեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (8), Դանիէլ Թիւֆենքճեան(6), Գրիգոր Սիմոնեան (8), Լեւոն Շառոյեան (8), Ւեղամ Խաչատրեան (8):

            Մրցոյթ 135.

            ***Հետեւեալ նախադասութիւնը կը բովանդակէ չորս  սխալ: Ուղղել զանոնք:

            ---Ինչ որ բան կը շարունակուի պայթիլ նոյնիսկ ծուխի հսկայական սիւնը բարձրանալէն յետոյ։

            ***Վերաշարադրէ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.

            ---Ապահովութեան ուժերը ամբողջական կերպով պատրաստ վիճակի մէջ պի-տի ըլլան:

            ---Բոլորը  չէ որ կ’ուզեն Չինաստանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները զարգանան:

            ---Ամերիկա կը ցանկայ առաջին անգամ մահապատիժի ենթարկել բանտարկեալը՝ օգտագործելով մահացու կազ մը:

            ***Կէտերը փոխարինել հետւեալներէն մէկով՝ պատճառով, բերումով, շնորհիւ, հետեւանքով:

            ---Օտարներ անշարժ գոյք կը գնեն՝ երկրին տնտեսական ազատ պայմաններուն.......... :



Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com