Հայաստանը Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան կից ռազմական կցորդ պիտի ունենայ։ Ըստ Պաշտպանութեան նախարարութեան մշակած որոշման նախագիծի՝ Գանատայի մէջ ռազմական կցորդի պաշտօնը պիտի համատեղէ Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀՀ ռազմական կցորդը։ Համապատասխան որոշման նախագիծը ներառուած է կառավարութեան հոկտեմբեր 15-ի օրակարգին մէջ։
Կը նախատեսուի, որ կցորդն իր պարտականութիւններու կատարման պիտի անցնի 2027-ի յունուար 1-էն՝ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ծանուցելու եւ հաւատարմագրման ընթացակարգերն անցնելէ ետք։
Կցորդի հիմնական գործառոյթները պիտի ըլլան երկու երկիրներու ռազմական գերատեսչութիւններու միջեւ կապերու հաստատումը, համագործակցութեան ծրագիրներու մշտադիտարկումը, պատուիրակութիւններու այցերու կազմակերպումը, ինչպէս նաեւ զօրավարժութիւններուն, զօրահանդէսներուն եւ ռազմատեխնիկական ցուցահանդէսներուն հայկական կողմի ներկայացուածութեան ապահովումը:
Ռազմական կցորդի պահպանման ծախսերը կը նախատեսուի հոգալ 2027-էն՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան յատկացուող ընդհանուր պուտճէթային միջոցներու հաշուոյն: