Հայաստանը «պէտք» է բանակցութիւններ սկսի, այսպէս կոչուած, «արեւմտեան ատրպէյճանական» համայնքի հետ եւ գործնական քայլեր ձեռնարկէ անոնց հիմնարար իրաւունքները վերականգնելու համար. նման պնդմամբ հանդէս եկած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
«Բացի այդ, Հայաստանը պէտք է թոյլ տայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութեան այցը եւ համագործակցի այս ոլորտին մէջ՝ վերահսկելու «մեր ժողովուրդին պատկանող պատմամշակութային ժառանգութեան» ոչնչացման եւ աղաւաղման հետ կապուած իրավիճակը»,-ըսած է ան:
Նշենք, որ Պաքուի մէջ կը կայանայ, այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի համայնքի 2-րդ միջազգային համաժողովը՝ «Վերադարձի իրաւունք. արդարութեան ապահովում Հայաստանէն բռնի տեղահանուած ատրպէյճանցիներու համար» թեմայով։ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» ըսելով՝ Պաքուն նկատի ունի ՀՀ ինքնիշխան տարածքը: