image

Հայաստանի մէջ «Օմիքրոն»ով երկու հիւանդ

Հայաստանի մէջ «Օմիքրոն»ով երկու հիւանդ

Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած է «Օմիքրոն» տարբերակով յարուցուած «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան երկու դէպք, որոնք բերովի են։ Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան հիւանդութիւններու եւ վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի դիմատետրեան էջը:

Որպէս COVID-19-ով հիւանդներ՝ անոնք ենթարկուած են համաճարակաբանական հետազօտութեան, Հայաստան ժամանելուն պէս անոնց քթըմպանի նմուշները հետազօտուած են sequencing մեթոտով եւ որու արդիւնքով ալ յայտնաբերուած է «Օմիքրոն» տարբերակը։

Հիւանդներուն վիճակը բաւարար է, հիւանդանոց չեն փոխադրուած, երկուքն ալ բուժում կը ստանան տան մէջ։

Հաշուի առնելով համաճարակային իրավիճակը` առողջապահութեան նախարարութիւնը կոչ կ'ընէ շարունակելու պահպանել հակահամաճարակային կանոնները եւ պատուաստուիլ, քանի որ COVID-19-ի եւ անոր տարբերակներու դէմ կանխարգելիչ ամենաարդիւնաւէտ միջոցը պատուաստումն է։

Նշենք, որ sequencing աշխատանքները իրականացուած են ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մոլեկուլային կենսաբանութեան հիմնարկի համագործակցութեամբ: