Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տեքոթինյին Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան հետ այցելած է ռազմական շփման գիծէն 4 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Նորաբակ գիւղ: Ան այդ մասին յայտնած է X-ի էջին՝ հրապարակելով հայ գիւղացիներու հետ լուսանկար:
«Եւրոպացի դիտորդներու ներկայութիւնը վստահութիւն կը հաղորդէ այս մեկուսացած եւ վտանգի առաջ կանգնած բնակչութեան: Սա շօշափելի ապացոյց է, որ անոնք մոռցուած չեն աշխարհի կողմէ»,- գրած է դիւանագէտը: