ՀՀ վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան վարչապետին եւ վրացի գործընկերներուն՝ Վերին Լարսի անցակէտին մէջ լրացուցիչ ուղիներ բանալու հարցով ցուցաբերած աջակցութեան համար։
«Դա նշանակալից իրադարձութիւն է մեր յարաբերութիւններում, դուք գիտէք, թէ այնտեղ սովորաբար ինչ հերթեր էին գոյանում»,-ըսած է Փաշինեան։
Փաշինեան հայ-ռուսական յարաբերութիւնները որակած է շատ ամուր եւ վստահութիւն յայտնած, որ երկկողմ համագործակցութիւնը կը շարունակէ արդիւնաւէտ ըլլալ։
Ան յոյս յայտնած է, որ գործընկերոջ հետ կառուցողական քննարկում կը կայացնէ երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերի շուրջ։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը 2023 թուականի առաջին կիսամեակին կազմած է 3 միլիառ տոլար, որ 34,6%-ով կը գերազանցէ 2022 թուականի նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը։