image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան ծրագիրը կը հաստատուի՝ նոյեմբերին

Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  գործընկերութեան ծրագիրը կը հաստատուի՝ նոյեմբերին

Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործընկերութեան ընդլայնման փուլային ծրագիրը կը հաստատուի նոյեմբերին՝ ԵՄ Խորհուրդի հունգարական նախագահութեան ընթացքին:

Այս մասին դիմատետրեան իր էջով  յայտնած է Հունգարիոյ Արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ։

«Վիզային ռեժիմի դիւրացման շուրջ երկխօսութիւնը ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ սկսած է երէկ։

Բացի այդ, նոյեմբերին մեր նախագահութեան ընթացքին մենք կը հաստատենք Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան գործընկերութեան ժամանակացոյցը»,- նշած է Սիարթօ։