image

Եւրոմիութիւնը Հայաստանին հեռակառավարուող ականազերծման մեքենաներ տրամադրած է

Եւրոմիութիւնը Հայաստանին հեռակառավարուող ականազերծման մեքենաներ տրամադրած է

Եւրոմիութեան աջակցութեամբ Հայաստան ներկրուած է հեռակառավարուող ականազերծման յատուկ երկու մեքենայ, որոնք պիտի կիրառուին հանրապետութեան վտանգաւոր վայրերու մէջ մարդասիրական ականազերծման աշխատանքներու համար։ Այդ մասին յայտնած է Հայաստանի կառավարութիւնը։ 

Խորուաթական արտադրութեան այս սարքաւորումը նախատեսուած է բոլոր տեսակի ականներու վնասազերծման համար եւ ունակ է դիմակայելու հզօր պայթումներու։

Պաշտօնական գնահատմամբ՝ Հայաստանի հինգ մարզերու՝ Տաւուշի, Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Արարատի եւ Գեղարքունիքի մէջ, կը գտնուի մօտ 43 միլիոն քառակուսի մեթր «աղտոտուած տարածք», այսինքն՝ վտանգաւոր գօտիներ։ Ատոնք հիմնական գիւղատնտեսական հողատարածքներ, արօտավայրեր եւ ենթակառուցուածքներ են։ Կառավարութեան համաձայն՝ նոր սարքաւորումներու գործածութիւնը պիտի նպաստէ վտանգներու զգալի նուազեցման եւ այդ տարածքներու ընկերային-տնտեսական զարգացման։

Այս յատկացումը կը կատարուի 2025 թուականի Դեկտեմբերին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած երկկողմ գործընկերութեան օրակարգի փաստաթուղթի շրջածիրէն ներս, որով նախատեսուած է 15 միլիոն եւրօ յատկացնել խաղաղութեան պահպանման եւ աւելի դիմացկուն Հայաստանի համար։ Ականազերծման մեքենաներէն զատ, Հայաստանը շուտով պիտի ստանայ նաեւ անհրաժեշտ սարքաւորումներով համալրուած շտապօգնութեան երկու ինքնաշարժ։

Հեռակառավարուող մեքենաները գործի պիտի դրուին 2027-էն սկսեալ եւ պիտի օգտագործուին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման աշխատանքներու ընթացքին։