image

Փութին կը խստացնէ ներգաղթի վերահսկողութիւնը

Փութին կը խստացնէ ներգաղթի վերահսկողութիւնը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է օրէնք, որով զգալիօրէն կ՚ընդլայնուի այն վարչական խախտումներուն ցանկը, որոնց համար օտարերկրեայ քաղաքացիներուն, տուգանքէն բացի, կը սպառնայ նաեւ Ռուսիայէն արտաքսում։

Համապատասխան փաստաթուղթը հրապարակուած է իրաւական ակտերու պաշտօնական կայքէջին վրայ։

Նոր օրէնքով վարչական խախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքի այն յօդուածներուն թիւը, որոնց պարագային արտաքսում կրնայ կիրառուիլ, 22-էն հասած է 45-ի։

Մասնաւորաբար, արտաքսում պիտի կիրառուի սեռի, ցեղի, ազգութեան, լեզուի, կրօնի կամ այլ յատկանիշներու հիմամբ խտրականութեան համար։ Մինչ այժմ նման խախտումի համար նախատեսուած էր միայն 1-3 հազար ռուբլի տուգանք, սակայն օրէնքի ուժի մէջ մտնելէն ետք օտարերկրացիները, նոյն տուգանքէն բացի, պարտադիր կերպով պիտի արտաքսուին երկրէն։

Նոյն պատիժը պիտի սահմանուի նաեւ պետական սահմանը պահպանող զինուորական ծառայողի, ինչպէս նաեւ ոստիկանութեան, Դաշնային անվտանգութեան ծառայութեան, պետական պահպանութեան մարմիններու կամ «Ռոսկվարտիա»ի ծառայողի օրինական պահանջին չենթարկուելու պարագային։

Արտաքսում պիտի սպառնայ նաեւ մանր խուլիգանութեան, հաւաքներու եւ ցոյցերու կազմակերպման կանոններու խախտման, փոխադրական ուղիներու արգելափակման, չարտօնուած վայրերու մէջ հրաձգութեան, հասարակական վայրերու մէջ թմրանիւթերու գործածութեան եւ վարչական շարք մը այլ խախտումներու համար։

Միաժամանակ, օրէնքը կը բարձրացնէ նաեւ գաղթականութեան վերաբերեալ օրէնսդրութեան խախտումներուն համար նախատեսուած տուգանքները։ Մասնաւորաբար, մուտքի կամ բնակութեան կանոններու խախտման, ապօրինի աշխատանքային գործունէութեան, ինչպէս նաեւ գաղթականական հաշուառման ընթացքին կեղծ տեղեկութիւններ ներկայացնելու եւ այլ խախտումներու համար նախատեսուած տուգանքները գրեթէ կը կրկնապատկուին։

Օրէնքը ուժի մէջ պիտի մտնէ պաշտօնական հրապարակումէն 90 օր ետք։