Երեւանի մէջ օգոստոս 4-ին կայացած է Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման հարցերով Հայաստան-Թուրքիա համատեղ աշխատանքային խումբի երկրորդ հանդիպումը։
Հանդիպման ընթացքին կողմերն ընդգծած են Անիի պատմական կամուրջի համատեղ վերականգնման մասին մայիս 4-ին Երեւանի մէջ ստորագրուած արձանագրութեան կարեւորութիւնը։ Կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել ստորագրուած արձանագրութեան շուտափոյթ իրականացմանն ուղղուած ջանքերը:
Հայաստանն ու Թուրքիան մայիս 4-ին Երեւանի մէջ ստորագրած էին Անիի կամուրջի համատեղ վերականգնման աշխատանքներու իրականացման արձանագրութիւնը:
Անիի կամուրջը կը գտնուի Ախուրեան գետի վրայ։ Կառուցուած է 10-11-րդ դարերուն։