image
Հրատապ լուրեր:

Միրզոյեանն ու Ռուպիոն ստորագրած են ՀՀ-ԱՄՆ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը

Միրզոյեանն ու Ռուպիոն ստորագրած են ՀՀ-ԱՄՆ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն մայիս 26-ին Երեւանի մէջ ստորագրած են «ՀՀ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը»։

Միրզոյեանն ու Ռուպիոն նախաստորագրած են «Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Թրամփի ուղի յանուն միջազգային զարգացման եւ բարգաւաճման վերաբերեալ ռազմավարական համագործակցութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրը»։

Ստորագրուած են նաեւ «ՀՀ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կարեւորագոյն հանքանիւթերու եւ հազուագիւտ հանածոներու արդիւնահանման եւ մշակման ոլորտի մէջ մատակարարման ապահովման շրջանակային յուշագիրը»։

«Մենք մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը բարձրացուցինք նոր մակարդակի՝ վերանուանելով այն համապարփակ ռազմավարական գործընկերութիւն»,-ըսած է նախարար Միրզոյեանը։

2025-ի յունուարին Հայաստանը եւ Միացեալ Նահանգները ստորագրած էին «Ռազմավարական գործընկերութեան մասին կանոնադրութիւն» կոչուող փաստաթուղթը։ Արարատ Միրզոյեանի խօսքով՝ ի տարբերութիւն այդ փաստաթուղթի, այսօր ստորագրուած կանոնադրութիւնը հարստացուած է եւ նոր հնարաւորութիւններ կու տայ կարեւոր ոլորտներու համար։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարն իր հերթին նշած է, որ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը նոր ուղի կը նախանշէ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ, որմէ օգուտներ պիտի ստանան ե՛ւ հայերը, ե՛ւ ամերիկացիները։

«Մենք կը կատարենք այն հիմնարար աշխատանքները, որոնք հիմք պիտի հանդիսանան, որ հայերն ու ամերիկացիները կարենան տնտեսական հիմքեր ունենալ միասին աշխատելու համար»,-ըսած է Ռուպիոն։ 

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Հայաստան ժամանած է մայիս 26-ին։