Խոր ցաւով տեղեկացանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է Պոլսոյ հայ համայնքի երէց սերունդի սիրէլի եւ յարգուած անդամուհիներէն՝ Տիկին Նոյեմի Փափազեանը։ Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ան մնաց հաւատարիմ իր ազգային ինքնութեան, հայ լեզուին, եկեղեցւոյն ու համայնքային կեանքին՝ մարմնաւորելով տիպար հայ մօր կերպարը։
Այս մասին կը տեղեկանանք Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» օրաթերթէն, որ հրապարակած է հետեւեալ մահագրականը.
Խոր ցաւով տեղեկացանք թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր երէց սերունդի շնորհալի եւ օրինակելի հայուհիներէն մէկը՝ Տիկին Նոյեմի Փափազեան։
Հանգուցեալը տիպար հայ մօր կերպարը կը խտացնէր իր անձին մէջ։ Ամբողջ կեանքի ընթացքին անսակարկ կերպով սիրով կապուած մնաց իր ինքնութեան ու համայնքային կեանքին։
Հայախօս էր, հայ մամուլի ջատագով ու «Մարմարա»ի երկարամեայ եւ հաւատարիմ ընթերցողներէն մէկը։ Միշտ ներկայութիւն կը բերէր մշակութային, ազգային ու եկեղեցական ձեռնարկներուն, յարգանք կ'առինքնէր շուրջիններուն։
Տիկին Նոյեմի Փափազեան ընտանեկան կեանքի մէջ եւս արժանաւոր մայր մը եղաւ, դաստիարակելով զաւակ մը, որ իր կարգին հայաշունչ ընտանիք մը կազմած է եւ կը շարունակէ ընտանեկան ամուր աւանդութիւնները։
«Մարմարա»ի խմբագրակազմը իր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի որդւոյն եւ հարսին՝ Վարուժան-Ժանին Փափազեանին, թոռնուհիին եւ ընտանեկան բոլոր մերձաւորներուն։