Արժանթինի Հանրապետութեան Պատգամաւորներու պալատին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի կազմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը։
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արժանթինի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։
Միջոցառման մասնակցած են խումբի նախագահ, պատգամաւոր Մարիա Լուիսա Կոնսալես Էսթեվարենան, խումբի անդամները, Պատգամաւորներու պալատի միջազգային եւ ինստիտուցիոնալ յարաբերութիւններու վարչութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Յովհաննէս Վիրապեանը եւ դեսպանութեան երրորդ քարտուղար Ռուզաննա Ազրոյեանը։
Դեսպան Վիրապեանը շնորհակալութիւն յայտնած է պատգամաւոր Կոնսալես Էսթեվարենային՝ Արժանթին-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի նախագահի պարտականութիւնները ստանձնելու, իսկ միւս պատգամաւորներուն՝ խումբին անդամակցելու համար։ Ան նաեւ առանձնայատուկ երախտագիտութիւն յայտնած է խումբի նախկին նախագահ, պատգամաւոր Լիլիա Լեմոյնէին՝ նախորդ երկու տարիներու ընթացքին ծաւալած արդիւնաւէտ եւ սերտ համագործակցութեան համար։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են հայ-արժանթինեան միջխորհրդարանական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներու շուրջ՝ ընդգծելով խորհրդարանական դիւանագիտութեան կարեւոր դերը երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման գործին մէջ։ Մասնաւորապէս, քննարկուած են բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի շրջածիրէն ներս համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները, նախանշուած են ապագայ համատեղ ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները։ Երկուստեք ընդգծուած է նաեւ Արժանթինի հայ համայնքի նշանակալի դերը՝ որպէս երկու երկիրներու միջեւ բարեկամութեան, փոխըմբռնման եւ բազմաոլորտ համագործակցութեան ամրապնդման կարեւոր կամուրջ։
Կողմերը վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը շարունակելու սերտ համագործակցութիւնը՝ նպաստելով Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ միջխորհրդարանական կապերու հետագայ ամրապնդման եւ երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններու առաւել խորացման։