Թեհրանն ու Մասքաթը շուտով համաձայնութեան պիտի գան Հորմուզի նեղուցէն նաւերու անվտանգ տարանցման նոր երթուղիի վերաբերեալ։ Այս մասին կը հաղորդէ իրանական Press TV-ն՝ յղում կատարելով իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեայի, որուն անունը չէ նշուած։
Հեռուստակայանը կը հաղորդէ, որ Թեհրանի եւ Մասքաթի միջեւ Հորմուզի նեղուցի շուրջ բանակցութիւնները մտած են «նոր փուլ», ուր «երկկողմանի փոխըմբռնումը հասանելի է»։
Բանակցութիւններու «նպատակն է Հորմուզի նեղուցով միջին միջանցք ստեղծել՝ անվտանգ նաւարկութիւն ապահովելու եւ Իրանի՝ որպէս ափամերձ պետութեան իրաւունքները պաշտպանելու համար»։
Պաշտօնեայի խօսքով՝ գործարկուելէ ետք նոր միջանցքը պիտի փոխարինէ ինչպէս հիւսիսային, այնպէս ալ հարաւային գոյութիւն ունեցող երթուղիները։
Նեղուցը, որ ընդամէնը 34 քիլոմեթր լայնքով միջազգային նաւագնացութեան երթուղի է, փակուած է Իրանի կողմէ՝ ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի յարձակումներուն։ Al Jazeera-ն կը յիշեցնէ, որ պատերազմէն առաջ նաւերը կը հետեւէին ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուած երկկողմանի երթեւեկութեան բաժանման համակարգին, ուր նաւարկութեան միջանցքները կ՚անցնէին ինչպէս Իրանի, այնպէս ալ Օմանի ջուրերէն։