Հայ կրթական հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, 7 Սեպտեմբերին, «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած հիմնարկութեան 75ամեակի ձեռնարկը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ՝ գոյացնելով աննախընթաց 1.2 միլիոն տոլար գումար մը, որ պիտի տրամադրուի կրթութեան եւ աշխարհի տարածքին հայ ուսանողներու նեցուկ կանգնելու՝ Հայ կրթական հիմնարկութեան առաքելութեան իրականացման։
Մօտաւորապէս 600 հիւրերու եւ համակիրներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին, հիմնարկութեան հեղինակաւոր մրցանակներուն արժանացան Ռուբէն Վարդանեան եւ Վիքթորիա Զոնապենտ («Կրթական տեսլականի տէր»), Վահէ Յակոբեան («Կեանք մը սպասարկութիւն») եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի պատուոյ նախագահ դոկտ. Քրիսոսթոմոս Մեք Նիքիաս («Կրթութեան կատարելագործում»), որոնց իրագործումները եւ յաջողութիւն կերտելու պատմութիւնները մեծապէս տպաւորեցին ներկաները։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, թեմակալ այլ հոգեւորականներու կողքին, ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ հանդէս եկաւ բացման աղօթքով եւ կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը:
Երեկոյին հանդիսավարն էր «Էմմի» մրցանակի թեկնածու դերասան Կրեկըրի Զարեան, որ ձեռնարկին յաւելեալ խանդավառութիւն բերաւ։
Ներկաները նաեւ վայելեցին հռչակաւոր երգչուհի Նունէ Եսայեանի կատարումները՝ հարստացնելով երեկոն արուեստով։
«Մեր գործունէութեան 75րդ տարուան ընթացքին, 1.2 միլիոն տոլարի տպաւորիչ աջակցութիւն ստանալը համեստացնող եւ քաջալերող իրականութիւն մըն է եւ վստահաբար պիտի զօրացնէ մեր գործունութիւնը՝ սկսելով կրթանպաստներէն, հասնելով STEM ոլորտի կրթական ծրագիրներու ընդարձակումը, կրթական ոլորտին մէջ յառաջդիմելու նոր առիթներ ընծայելով հայ ուսանողներուն», յայտնեց Հայ կրթական հիմնարկութեան 75ամեակի ձեռնարկին համաատենապետ Սանտրա Քալեմքերեան։
Այս առիթով, հիմնարկութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր մեծարեալներուն, հովանաւորներուն եւ ներկաներուն, որոնք իրենց ներդրումով պիտի նպաստեն կազմակերպութեան գործունէութեան բարգաւաճման։
Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթական սպասարկութիւններ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին:
Հիմնարկութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը: