Հայրենի «Հրապարակ» թերթէն կը կարդանք՝
Մեր երկիրը պատուհասած յետպատերազմեան եւ «Քորոնա» համաճարակէն առաջացած ընկճուածութիւնը ու տրամադրութեան կտրուկ անկումը ստիպեցին այն ճեղքելու եւ հոգետանջ ցաւը փշրելու ուղիներ փնտռել։ Եւ այդ հորիզոնը բացաւ համացանցը։
Փորձեցի կապ հաստատել մերձաւոր սփիւռքի պոլսահայ համայնքին հետ, որ պորտալարով միացած է մայր հայրենիքին, սակայն նաեւ՝ ամենախորթացածն ու օտարուածն է։
Բազմաթիւ հարցումներէն ու ծանօթութիւններէն ետք շատ տպաւորուեցայ յատկապէս երիտասարդ ու համակրելի հայուհիի՝ Նուարդ Աւետիքեանի (Nivart Avedikoglu) արուեստով։ Ան այդ օրերուն հրապարակեց «Արշալոյս էր, նոր էր բացուել» երգը:
Երգը կը հնչէ որպէս սպեղանի որդեկորոյս մայրերու մորմոքող ցաւին եւ ոգեկոչում՝ երիտասարդ զոհերու անմար յիշատակին: Այն կարճ ժամանակի մէջ աննախադէպ տարածում ստացաւ՝ գրեթէ 20 հազար հետեւորդ դիտեց: Եղան բազմաթիւ հիացական կարծիքներ, քաջալերանքի խօսքեր: Ամիսներ անց հետեւեցաւ երկրորդ տեսանիւթը՝ «Մարտիկի երգը»: Երգչուհին այդ երգին մէջ այնքան սիրտ ու հոգի դրաւ, որ այն մարտիկի երազանքէն դարձաւ մօր ու մայր հայրենիքի կարօտի ու պաշտամունքի երգ: Դարձեալ խրախուսանքի խօսքեր, հիացական գրառումներ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի գաղութներէն: Ալիքը հասաւ նաեւ Հայաստան՝ պարզ քաղաքացիներէն մինչեւ երաժիշտներ ու գրական գործիչներ: Երաժշտական համագործակցութեան առաջարկներ եղան:
Ուշադրութեան արժանի էին յատկապէս հայ բանաստեղծուհիի եւ հոգեբան գիտնականի գրառումները, որոնք անթաքոյց զմայլանքով բարձր գնահատեցին անոր զիլ ու զրնգուն ձայնը, երգի մեկնաբանման իւրօրինակ ոճը: Համացանցային ծանօթութեան եւ շփումներու ընթացքին զգացի, որ գործ ունիմ հայրենիքէն հեռու ապրող եւ երբեք այն չտեսած հայուհիի հետ, որ, ի զարմանս ինձ, հրաշալի կը տիրապետէ մայրենիին, ունի հասուն միտք, ճկուն բառազգացողութիւն, յարաբերելու եւ շփուելու զարմանալի ունակութիւն ու խոհեմութիւն:
Դիտելով անոր մի քանի տեսանիւթերն ու գրառումները՝ համոզուեցաւ, որ ան սերած է աւանդապահ ու աւանդապաշտ գերդաստանէ եւ իր մէջ կը կրէ գերդաստանի ջիղն ու կոչումը: Համոզմունքս հաստատեց Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ տպագրուած կենսագրական-ճանաչողական յօդուածը, ըստ որուն՝ մեր հերոսուհին ստացած է նախնականէն մինչեւ համալսարանական լիարժէք կրթութիւն՝ տնտեսագէտ է, ունի մարզական հակումներ, սակայն հոգիով-սրտով երգչուհի է՝ հայրենատենչ ու հայրենաբաղձ: Անոր երգացանկին մէջ արդէն իսկ կ'ուրուագծուին ժողովրդական եւ գուսանական երգեր, որոնք կը կարօտին պատշաճ երաժշտական գործիքաւորման եւ հանրայնացման։
Եւ հաւատարիմ մնալով նաեւ իր՝ Նուարդ անուան, հակառակ երիտասարդ տարիքին, ան իր մէջ կը կրէ հայ ազգային մշակոյթի եւ հոգեւոր արժէքներու անհուն «բեռը»՝ փափաքը սրտին մէջ, թէ այդ ամէնը օր մը պիտի հասցնէ մայր հայրենիք: Եւ առաջին պատկերացումը, որ ձեւաւորուեցաւ իմ մօտ՝ «նայիրեան դալար բարտի»ի կերպարն էր, որ երկար ամիսներու ընթացքին չփոխուեցաւ, այլ՝ բիւրեղացաւ: Ու իր զիլ ու զրնգուն ձայնով կը նազէ, կը շորորայ եւ հեռո՜ւ, հեռո՜ւ նայիրեան դալար բարտիի շրշիւնը կը բերէ մեզի: Եւ այդ շրշիւնը, համոզուած եմ, օր մը հայրենիք կը բերէ նաեւ շնորհալի երգչուհին:
Իսկ յարգարժան նախարարին կոչ կ'ընեմ ու կը յորդորում՝ նռան առողջ հատիկները հաւաքել ու մէկտեղել մայր հայրենիքի մէջ եւ հող նախապատրաստել համազգային յաղթական պոռթկումի համար, որուն շատ կը հաւատամ:
Նուէրա Գալստեան
«Հրապարակ» Երեւան
Նիւթը ՝ Արեւմատահերէնի վերածեց Զ. Չ.