image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան գործընթացը հասած է իր գագաթնակէտին․ Փաշինեան

Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան գործընթացը հասած է իր գագաթնակէտին․ Փաշինեան

Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան գործընթացը հասած է իր գագաթնակէտին, եւ իրավիճակը հասունցած է Թուրքիոյ հետ սահմանը բանալու եւ գործնական արդիւնքներ գրանցելու համար։ Այս մասին փետրուար 25-ին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ Լեհաստանի մէջ օտարերկրեայ դեսպաններու, դիւանագէտներու եւ վերլուծական կեդրոններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ։

«Խաղաղութեան գործընթացը Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ իր գագաթնակէտին հասաւ օգոստոսին ԱՄՆ-ի մայրաքաղաք Վաշինգտոն քաղաքում, երբ Սպիտակ տանը ԱՄՆ-ի նախագահ Դոնալդ Թրամփի նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ մենք Ադրբեջանի նախագահի հետ ընդունեցինք համատեղ հռչակագիր Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան շրջանակի մասին, եւ այդ հռչակագրով մեր երկրների միջեւ խաղաղութիւն հաստատուեց»,-յայտարարած է Փաշինեանը։ Ան ընդգծած է, որ առանց Միացեալ Նահանգներու նախագահի անձնական ներգրաւուածութեան գործընթացի վիճակն անորոշ պիտի ըլլար։

Վարչապետի խօսքով՝ Հայաստանն արդէն առեւտուր կ՚ընէ Ատրպէյճանի հետ, մասնաւորապէս՝ կը ներմուծէ նաւթամթերք, եւ 90-ականներէն ի վեր առաջին անգամ գնացքներն Ատրպէյճանի տարածքով կը հասնին Հայաստան։ Խաղաղութեան հիմքը, ըստ անոր, 1991-ի Ալմաթայի հռչակագիրն է, որով կողմերը կը ճանչնան իրար տարածքային ամբողջականութիւնն ու կը հաստատեն, որ չունին եւ պիտի չբարձրացնեն տարածքային պահանջներ ապագային։

Անդրադառնալով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն՝ Փաշինեանը նշած է. «Մենք յոյս ունենք իրական փոփոխութիւններ տեսնել Թուրքիայի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններում։ Վերջին տարիներին մենք բաւական ակտիւ երկխօսութեան մէջ ենք Թուրքիայի հետ։ Ես մի քանի անգամ հանդիպել եմ նախագահ Էրդողանի հետ… հիմա իրավիճակը բաւական հասունացել է, որպէսզի գործնականի վերածուի»։

Վարչապետը շեշտած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը փակ է 90-ականներու սկիզբէն, եւ հայկական կողմի նախագիծն է, որ փոխադրային «Թրամփի ուղին» Հայաստանի տարածքով անցնելէ ետք շարունակուի Թուրքիոյ տարածքով մինչեւ Եւրոպական միութիւն։ «Դա է մեր նախագիծը, եւ մենք այդ ուղղութեամբ աշխատում ենք։ Մենք յոյս ունենք տեսնել սահմանի բացումը Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ»,- աւելցուցած է ան։