Լոս Անճելըսի մէջ, օրերս, անակնկալ հաւաքոյթով մը նշուած է Պոլսահայ համայնքային գործիչ, Շիշլիի Մարզական Ակումբի նախկին Ատենապետ Հայկարամ Գարասուի ծննդեան 80-ամեակը ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Համայնքային գործիչ, Շիշլիի Մարզական Ակումբի նախկին Ատենապետ Հայկարամ Գարասուի ծննդեան 80ամեակը անակնկալ հաւաքոյթով մը նշուեցաւ Լոս Անճէլըսի մէջ։ Գարասուի երկու զաւակները՝ Թամար Գարասու-Մայօղլու եւ որդին՝ Սեւան, 16 Յունուարին Ս. Մարի եկեղեցւոյ սրահին մէջ համախմբեցին Շիշլիի ակումբէն նախկին մարզիկներ եւ Գարասուի կեդրոնականցի դասընկերները։ Շուրջ 50 հոգի մասնակցեցաւ այս երեկոյթին, որ համեմուեցաւ յուշերով ու անցեալի օրերու վերաթարմացումով։ Բաժակներ բարձրացան կենաց արեւշատութեան մաղթանքներով, կարդացուեցաւ Հայկարամ Գարասուի եղբօր՝ Համբարձում Յարութիւնեանի կողմէ գրի առնուած բանաստեղծութիւն մը՝ ձօնուած եղբօր 80ամեակին։
Ներկաները, փոխան նուէրի, նուիրատուութիւն ըրին Կեդրոնական վարժարանին։
Նկարին մէջ ձախէն աջ՝ Արշակ Գազանճը, Հրանդ Ռաքըճեան, Արմէն Աշըք, Հերման Չէլիք, Միրիճան Կիւրեղեան, Հայկարամ Գարասու, Սահակ Թունա, Յովսէփ Թոքատ, Յակոբ Պարըն, Աւետիս Թէքօլ, Արթօ Թոքատլը, Բարունակ Չէլիքեան։ Նստած՝ Սամուէլ Գարայ, Յովհաննէս Գուլաք, Կիւլպէնկ Մովսիսեան։
Մենք եւս առողջութեան ու արեւշատութեան մաղթանքներով կը շնորհաւորենք Պր. Հայկարամ Գարասուն։