Ատրպէյճանը պիտի չմասնակցի Հայաստանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովին, որ պիտի կայանայ Երեւանի մէջ 4 մայիս 2026-ին։
Այդ մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը՝ յստակեցնելով, որ նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ մայիսի խիտ եւ հագեցած օրակարգին մէջ նման այց նախատեսուած չէ։
Պայրամով նաեւ նշած է, որ Պաքուի դիրքորոշումն «Ատրպէյճանական օդային աուղիներու» ինքնաթիռի կործանման վերաբերեալ սկզբունքային է եւ յստակ. այդ Ռուսիոյ ՊՆ սխալն էր: Անոր խօսքով՝ ատրպէյճանական կողմը կ՚ակնկալէ, որ Մոսկուան պիտի կատարէ բոլոր անհրաժեշտ գործողութիւնները, որոնց մասին 2025-ի հոկտեմբերին պայմանաւորուած են Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճնի նախագահները, տեղի ունեցածին իրաւական գնահատական պիտի տրուի, եւ փոխհատուցում պիտի վճարուի:
2024-ի դեկտեմբեր 25-ին Պաքուէն Կրոզնի մեկնող AZAL-ի ուղեւորատար օդանաւը Ղազախստանի Աքթաու քաղաքի մօտ աղէտի ենթարկուած էր: Օդանաւին մէջ գտնուող 67 անձէն 38-ը զոհուած էր: Կ՚ենթադրուի, որ օդանաւը հարուածած է ռուսական հրթիռ, երբ այն փորձած է վայրէջք կատարել Չեչնիայի մայրաքաղաքին մէջ: