ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը երկարացուցած է «Ազատութեան աջակցութեան ակտի» 907-րդ ուղղման կասեցումը, որ կը նշանակէ, որ կը թոյլատրուի ԱՄՆ ուղիղ օգնութիւնը Ատրպէյճանին։
«ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կ'ենթադրէ պատասխանատուութիւն, այդ շարքին՝ չզինելու եւ չսատարելու Ատրպէյճանին։ Նախագահ Պայտընի որեւէ գործողութիւն, որ կանաչ լոյս կը վառէ Ալիեւի ռեժիմին ամերիկեան օգնութեան տրամադրման համար, կը հակասէ քարոզարշաւի ժամանակ անոր յստակ դիրքորոշման եւ, որ աւելի վատ է, Հայոց ցեղասպանութեան վերջերս անոր ճանաչման ոգիին»,-ըսած է ANCA-ի գործադիր տնօրէն Արամ Համփարեանը:
«Ազատութեան աջակցութեան ակտի» 907-րդ ուղղումը ԱՄՆ Քոնկրէսը ընդունած է 1992 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի շրջափակման պատճառով եւ կը նախատեսէ Ատրպէյճանին միայն մարդասիրական օգնութեան տրամադրում: Ըստ այդ ուղղման՝ ԱՄՆ կառավարութեան կ'արգիլուի օգնութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանի պաշտօնական կառոյցներուն, քանի դեռ այդ երկիրը «ակնյայտ քայլեր չի ձեռնարկեր ՀՀ եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ բոլոր տեսակի շրջափակումներու եւ ուժի կիրառման այդ յարձակողական ձեւերու վերացման ուղղութեամբ»։ Սակայն 2002թ․Քոնկրէսը ուղղում կատարեց 907-րդ բաժնին մէջ, որու համաձայն կը թոյլատրուի նախագահի կողմէ ակտի կասեցումը եւ ռազմական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին, որն ալ ամէն տարի կ'ընէ ԱՄՆ նախագահը։