Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին եւ խորհրդարանի խօսնակ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆը ժամանակաւորապէս բացառուած են ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի թիրախներու ցուցակներէն։ Այս մասին կը հաղորդէ The Wall Street Journal-ը՝ յղում կատարելով տեղեկացուած աղբիւրներու։
Անոնց համաձայն՝ ԱՄՆ-ն եւ Իսրայէլը Ղալիպաֆն ու Արաքչին թիրախներու ցուցակներէն հանած են չորս-հինգ օրով, մինչ Ուաշինկթըն կ՚ուսումնասիրէ Իրանի հետ հաշտութեան բանակցութիւններ վարելու կարելիութիւնը։
Իրանը եւ ԱՄՆ-ը իրարամերժ տեղեկութիւններ կը հաղորդեն բանակցութիւններու մասին։ Ամերիկեան կողմին համաձայն՝ բանակցութիւնները կը շարունակուին, մինչդեռ Իրանը կը պնդէ, որ կը քննարկէ ԱՄՆ-ի կողմէ ներկայացուած առաջարկները, սակայն երկխօսութեան մասին խօսք չկայ։