image

Նիկոսիոյ մէջ. Մահացած է Սիլվիա Թաշճեանը. Հանգուցեալը կողակիցն էր հանրայայտ արուեստագէտ՝ Վարդան Թաշճեանին

 Նիկոսիոյ մէջ. Մահացած է Սիլվիա Թաշճեանը. Հանգուցեալը կողակիցն էր հանրայայտ  արուեստագէտ՝ Վարդան Թաշճեանին

Օրերս  տխուր լուր մը ստացանք  Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիայէն։

Յետ կարճատեւ եւ ծանր հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է  բնիկ կիպրահայ Սիլվիա  Թաշճեանը։

Հանգուցեալը  կեանքի  նուիրեալ ընկերն էր կիպրահայ շրջանականերուն մէջ  սիրուած անուն հանդիսացող  արուեստագէտ, կրթական մշակ եւ մտաւորական Տիար Վարդան Թաշճեանին։

Այս տխուր առթի «Արեւելք» իր խորին  ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի հարազատներուն եւ մտերիմներուն   եւ յատկապէս մեր թերթի բարեկամ՝ Տիար Վարդան Թաշճեանին։

Ստորեւ այդ  առթիւ համացանցի վրայ երեւցած մահազդը։

 

Սրտի դառն կսկիծով կը սգանք կորուստը մեր թանկագին կողակցին, մօր եւ մեծ մօր՝

ՍԻԼՎԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆԻ

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 15 Փետրուար 2025, կ.ե. ժամը 2:00ին, Նիկոսիոյ Սրբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Սգակիրներ՝

Վարդան Թաշճեան,

Արթըր եւ Թալին Չալիքեան,

Սբիրոս եւ Նանոր Կաուչի,

Թոռներ՝ Քրիստոֆըր եւ Էրիք:

Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել՝

* Anti Cancer Society of Cyprusին

* կիպրոսի Հ.Օ.Մ մասնաճիւղին

* Սրբ. Աստուածածին Եկեղեցւոյ