image

ԵՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան մեկնարկի մասին նախագիծը ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու մասին չէ. Զէյնալեան

ԵՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան մեկնարկի մասին նախագիծը ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու մասին չէ. Զէյնալեան

Ազգային ժողովը 11 Փետրուարին քննարկած է քաղաքացիական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուած «Եւրոպական Միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկը» օրէնքի նախագիծը։

«Արմենպրես»-ի համաձայն, նիստին հիմնական զեկոյցով հանդէս եկած է Արտակ ԶԷյնալեան, որ ներկայացուցած է նախագիծի հիմնական դրոյթները եւ հիմնաւորումները։ 

Անոր խօսքով, օրէնքի վերջանական տարբերակը, որ հաւանութեան  արժանացած է Եւրոպական համարկումի յանձնաժողովին մէջ, ունի հետեւեալ բովանդակութիւնը․ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը` արտայայտելով Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի կամքը, նպատակ ունենալով Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձնել անվտանգ, ապահով, զարգացած, բարեկեցիկ երկիր՝ կը յայտարարէ Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկը»:

«Աշխարհաքաղաքական ստեղծուած իրավիճակին մէջ օրէնքը, անոր ընդունման ձեւն ու միջոցը կը մեծցնեն Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ամրակայումը, դիմադրունակութիւնը: Օրէնքի ընդունումը ժողովրդավարութիւնը, քաղաքացիներու պետական կառավարման մասնակցութեան իրաւունքն ու անոր գործնական իրագործումը, իրաւունքի գերակայութիւնը կը դարձնէ անշրջելի, կը վերականգնէ պետութեան քաղաքականութեան կանխատեսելիութեան նկատմամբ հաւատքն ու վստահութիւնը», ընդգծած է ԶԷյնալեան։

Նախաձեռնող խումբի լիազօր ներկայացուցիչին խօսքով՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին օրեէնքի ընդունումը կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման՝ ուժերու հաւասարակշռութեան վերականգնման միջոցով, կը նպաստէ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ապահովման հնարաւորություններու ընդլայնումին, Հայաստանի ազգային բանակի համապատասխանեցման Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու բանակներու արդիական չափանիշներուն, մարդու իրաւունքներու շարունակական զարգացման եւ պաշտպանութեան:  

Զէյնալեան յայտարարած է, որ ԵՄ-ին ՀՀ անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկի մասին օրէնքի նախագիծը ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու մասին չէ: Անոր խօսքով՝ ԵԱՏՄ 185 միլիոնանոց շուկայէն դուրս գալու խնդիր դրուած չէ, այլ՝ այն ԵՄ 450 միլիոնանոց շուկայով լրացնելու։