Վագըֆգիւղի, որու բնակչութիւնը ամբողջութեամբ կազմուած է հայերէ, գիւղապատկան հողերու 40 առ հարիւրը պիտի պետականացուի։ Բնակարանաշինութեան զարգացման վարչութիւնը կը ծրագրէ շինութիւն իրականացնել այդ հողերուն վրայ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղի՝ Վագըֆգիւղի բնակիչները ցնցուած են պետական որոշումի մը դիմաց։ «Անթաքիա» թերթը իր կայքէջին վրայ կը հաղորդէ որ գիւղը ԹՕՔԻ-ի (բնակարանաշինութեան զարգացման վարչութիւն) որոշման հետեւանքով պիտի կորսնցնէ գիւղապատկան հողատարածքներու աւելի քան 40 առ հարիւրը։ Վագըֆգիւղի հողերուն հետ միասին, պիտի կատարուի նաեւ Խըտըրպէյ եւ Մաղարճըք թաղամասերու ապասեփականացումը, այսինքն այս թաղամասերու հողերն ալ պիտի անցնին պետական գանձին ու պիտի յանձնուին ԹՕՔԻ-ին։
Գիւղի բնակիչնեը մտահոգ են, կ'ըսեն որ այս քայլը մեծ վնաս պիտի պատճառէ միակ հայկական գիւղի ժողովրդագրական ու պատմամշակութային դիմագծութեան։ Վագըֆգիւղը Սամանտաղի միակ գիւղն է, որու բնակչութիւնը ամբողջութեամբ կազմուած է հայերէն։ Այս առանձնայատուկ բնակավայրը ունի իր ուրոյն «կառուցուածք»ը, որ այժմ ցնցուած է հողերու պետականացման սպառնալիքէն։
ԹՕՔԻ-ի ծրագրի հիման վրայ պատկան մարմինները սկսած են պետականացնել գիւղապատկան հողատարածքները։ Պետականացման ենթակայ հողատարածքներու մէջ կը գտնուին գիւղի խորհրդանիշ նախաճաշի սրահը, սրճարաններն ու «քօօփէրաթիֆ»ները։ Այս գործընթացի մէջ մասնաւոր սեփականութիւններու ներառնումը մեծ անհանգստութիւն կը պատճառէ գիւղացիներուն։ Անոնք կը պնդեն որ ապասեփականացման փորձերը կը ներառնեն մասնաւոր հողատարածքներ։ Մտավախութիւն կայ որ այսպիսի քայլեր պիտի փոխեն գիւղի ժողովրդագրական դիմագծութիւնը։
ԹՕՔԻ-ի 6րդ եւ 7րդ փուլերու բնակարանային քարտէսի համաձայն, նախատեսուած է ընդհանուր առմամբ 1353 տուն կառուցանել պետութեան գանձին անցած հողերուն վրայ։ Վագըֆգիւղի գիւղապետը ու բնակիչներ հանդիպման ժամադրութիւն խնդրած են Հաթայի նահանգապետէն, յստակ տեղեկութիւն ստանալու համար։
Վագըֆգիւղը յայտնի է որպէս բնակավայր, որ հարուստ է բնական մթերքներով ու տեղական արտադրութիւններով։ Կիներու «քօօփերաթիֆ»ներու արտադրութիւնները եւս վտանգի տակ պիտի մնան այս զարգացումներու հետեւանքով։ Կին ձեռներէցները չեն գիտեր թէ ո՞ւր պիտի տեղափոխուին, եթէ յանկարծ իրենցմէ խլեն իրենց արտադրական տարածքներն ու վաճառքի կէտերը։