image

Պոլսոյ մէջ.Համայնքային շրջանակներ կը սգան Ալէն Քալքի կորուստը

  Պոլսոյ մէջ.Համայնքային շրջանակներ կը սգան Ալէն Քալքի կորուստը

Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է  համայնքային շրջանակներուն մէջ սիրուած անձնաւորութիւն հանդիսացող երիտասարդ՝ Ալէն Քալքը։

 Ասոր մասին կը կարդանք Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն։

Ստորեւ տրուած հակիրճ մահագրութիւնը։

Երկու օրէ ի վեր Իսթանպուլահայութիւնը ցնցուած է անժամանակ մահուան բօթով մը։ 37 տարեկան հասակին մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ալէն Քալք, երիտասարդ մը, որ,-ինչպէս յայտնի կը դառնայ յատկապէս համացանցի ընկերային ցանցի հարթակներէն,- մեծապէս սիրուած էր զանազան շրջանակներու կողմէ։ Վարակուած էր կրիփէն բայց հիւանդութիւնը, դժբախտաբար, ցաւալի գնացք մը ունեցաւ, շարքէն հանելով բոլոր գործարանները։ Առնուեցաւ խտացեալ դարմանումի տակ, միացուեցաւ արհեստական շնչառութեան սարքին, բայց մարմինը չկրցաւ տոկալ։ Մահացաւ խոր սուգի մատնելով ծնողքը, կրտսեր եղբայրը՝ Գարակէօզեան Սանուց Միութեան վարչութեան ատենապետ, մարզանքի ուսուցիչ Ռաֆֆի Քալքը, ընտանեկան մերձաւորները։

Բոլոր գրառումներուն մէջ Ալէն Քալքը կը յիշատակուի որպէս ընկերասէր, բարեկամասէր, բոլորին հասնող անձ մը, որ ի՜նչ մեղք որ զոհ կ'երթայ կրիփի վարակիչ հիւանդութեան։