Լիբանանցի ժողովուրդը ակնդէտ կերպով կը հետեւի նորանշանակ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի յայտարարութիւններուն։ Ճիշդ է, որ երկիրն արդէն ունի նոր նախագահ՝ Զօր. Ժոզէֆ Աունը, սակայն, ինչպէս ամէն քաղաքական փուլի, այս օրերուն ալ կարեւորագոյն խնդիր կը համարուի Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան հարցը։
Թէ ինչ տեսակի, քանի նախարարներ պարունակող եւ ինչ ներկայացուցչութեամբ նախարարաց խորհուրդ մը պիտի կազմուի յառաջիկային, տակաւին պարզ չէ։ Յուսալի է սակայն, որ նոր կառավարութեան մը կազմութեան հարցը չըլլար դժուարին, արգելքներով լեցուն, եւ «նախասիրութիւններ»ու կամ կողմերու «ներկայացուցչական» արգելքներով դարպասուած։ Մեր մօտեցումը հարկ է կը շարունակէ մնալ Wishfull thinking-ի շրջանակներուն մէջ, որուն ամբողջացման համար կարեւոր եւ համոզիչ պայքար պէտք է մղեն նախ եւ առաջ երկրի նախագահն ու վարչապետը, եւ յուսալի է անշուշտ, որ անոնք կը կարողանան յաղթահարել բոլոր տեսակի բարդութիւններն ու խնդիրները։
Այս առումով եւ վերջին զարգացումներուն զուգահեռ ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարած է լիբանանահայ ֆինանսական գործիչ, ելեւմտագէտ՝ Տիար Արամ Վ. Չափարեան, որուն տեսակէտը արաբերէնէ թարգմանելով («Ալռայիօնլայն») կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Լիբանանի քաղաքական շրջանակներուն մէջ խօսքեր կը պտտին այն մասին, որ Լիբանանի յաջորդ կառավարութիւնը (Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ) պիտի ըլլայ «թեքնոքաղաքական» (արհեստաքաղաքական) կառավարութիւն մը։
«Թեքնոքաղաքական» կառավարութիւնը կառավարման տեսակ է, որ կը միաւորէ թեքնոքրաթները (գիտարուեստի փորձագէտներ եւ մասնագէտներ) եւ քաղաքական գործիչները։ Այս կառավարութեան անդամները կ՚ընտրուին՝ ըստ իրենց ունեցած ճարտարարուեստական հմտութիւններուն եւ փորձին, ինչպէս նաեւ անոնց քաղաքական պատկանելիութեան։
Այսպիսի կառավարութիւններու առաւելութիւնները.-
1- Արդիւնաւէտութիւնը եւ ճարտարարուեստական հմտութիւնը. գիտարուեստի փորձագէտներու մասնակցութեամբ կայացուած որոշումները կ՚ըլլան սերտուած՝ ճարտարարուեստական գիտելիքներու եւ գիտական տուեալներու հիման վրայ:
2- Գործնական լուծումներ. թեքնոքրաթները (գիտարուեստի փորձագէտները) հակուած են առաջարկելու լուծումներ՝ հիմնուած լաւագոյն փորձի եւ արհեստագիսական նորարարութիւններու վրայ:
3- Կայունութիւն. այս ոճով գործող կառավարութիւնները կրնան ապահովել աւելի մեծ կայունութիւն, յատկապէս տնտեսական ճգնաժամերու ժամանակ, քանի որ փորձագէտները կրնան արագ եւ արդիւնաւէտ որոշումներ կայացնել:
4- Շահերու հաւասարակշռութիւն. թեքնոքրաթները (գիտարուեստի փորձագէտները) կ՚ապահովեն մասնագիտական տեսակէտ (կամ՝ հեռանկար), իսկ քաղաքական գործիչները՝ ժողովրդական եւ ընկերային տեսակէտ (կամ՝ հեռանկար):
Այսպիսի կառավարութիւններու թերութիւնները.-
1- Շահերու բախում. կրնայ անհամաձայնութիւն առաջանալ գիտարուեստական մօտեցման եւ քաղաքական մօտեցման միջեւ, որ կը յանգեցնէ իշխանութեան մէջ բախումներու:
2. Համապարփակ տեսլականի բացակայութիւն. թեքնոքրաթները (գիտարուեստի փորձագէտները) կրնան հիմնականին մէջ կեդրոնանալ ճարտարարուեստական ոլորտներու վրայ՝ առանց հաշուի առնելու աւելի լայն քաղաքական եւ ընկերային երեւոյթները։
3. Քաղաքական նորարարութեան կրճատում. թեքնոքրաթները (գիտարուեստի փորձագէտները) կրնան նուազեցնել քաղաքական նորարարութիւնները կամ կառչիլ աւանդական լուծումներէ, որոնք կրնան չբաւարարել ապագայի կարիքները:
Մէկ խօսքով, «թեքնոքաղաքական» (արհեստաքաղաքական) կառավարութիւնը կը ձգտի հաւասարակշռութիւն պահպանել ճարտարարուեստական փորձառութեան եւ քաղաքական առաջնորդութեան միջեւ, բայց այն կրնայ մարտահրաւէրներ դիմագրաւել՝ նախարարներու ունեցած տարբեր փորձառութիւնները համադրելու առումով:
Իրական օրինակներ.-
- Իտալիա. 2011 թուականին թեքնոքրաթ (գիտարուեստի փորձագէտ) եւ տնտեսագէտ Մարիօ Մոնթին նշանակուած է Իտալիոյ վարչապետ՝ տնտեսական ճգնաժամերը կառավարելու համար:
- Յունաստան. Եւրոպական կեդրոնական դրամատան նախկին փոխնախագահ Լուքաս Փափատեմոսը զբաղցուցած է Յունաստանի վարչապետի պաշտօնը պարտքային ճգնաժամի ժամանակ՝ 2011 թուականին։
Արամ Վ. Չափարեան
Այնճար
20.1.2025
Նիւթը՝ «ԱլՌայի օնլայն» հաթակէն
Թարգմանութիւնը՝ «Արեւելք»ի