image

Լոս Անճըլըսի մէջ. Երիտասարդ բժիշկ՝ Տօքթ. Քրիս Ադամեանի կորուստը

 Լոս Անճըլըսի մէջ.  Երիտասարդ բժիշկ՝  Տօքթ. Քրիս Ադամեանի կորուստը

Կ՚ըսուի թէ սիրելի մարդիկ երբեք իսկապէս չեն հեռանար մեզմէ. անոնք կ՛ապրին իրենց ցոյց  կատարած բարիքներով, ուսուցած դասերով եւ մարդոց սրտերուն մէջ սերմանած սիրով։ Տօքթ. Քրիս Ադամեան նման անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր մահկանացուն կնքեց 13 Յունուարին Լոս Անճըլըսի մէջ:

Տօքթ. Քրիս Ադամեան՝ քրիստոնէական հաւատքով ու սիրով լեցուն մարդ, նուիրուած ամուսին եւ հայր էր: Որպէս քիրոփրակտիկ բժիշկ եւ հոգեւոր խորհրդատու, ան կը շեշտէր թէ՛ մարմնական, թէ՛ հոգեւոր բժշկման կարեւորութիւնը։

«Տօքթ. Քրիս» անունով ճանչցուած, ան հարիւրաւոր կեանքեր հարստացուց իր նուիրումով, համբերատար ու գորովալից բնաւորութեամբ: Իր կեանքը նուիրեց հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ սերմանման։

Ծնած էր Նիւ Եորք 1959-ին եւ հասակ նետած Լոս Անճըլըսի մէջ, ուր նուիրումով ծառայեց իր ասպարէզին եւ համայնքին  անխտիր: Աստուծոյ խօսքով ներշնչուած՝ յանձնառու էր օգնելու ուրիշներուն գտնելու խաղաղութիւն ու նպատակ իրենց կեանքին մէջ։

Սգակիր են իր նուիրուած կինը՝ Ալիս (Չիլինկիրեան) Ադամեան, զաւակները Տէյվիտ Ադամեան եւ Դոկտ. Ալեք Ադամեան, ինչպէս նաեւ Յակոբ եւ Վիքի Չիլինկիրեան, Դոկտ. Հրաչ եւ Շաքէ Չիլինկիրեան եւ համայն Ադամեան եւ Չիլինկիրեան գերդաստանները ու Տօքթ. Քրիսի  ծանօթներու եւ բարեկամներու լայն շրջանակը։

 

 

  Համադրումը՝ «Արեւելք»ի