Բնիկ սուրիահայ, երկար տարիներ Լիբանանի մէջ ապրած, պաշտելի հայր, եւ աշխատասէր հայրենակից Գէորգ Կիւլիւմեանի մահուան բօթը ստացանք։
Հանգուցեալը յարգուած եւ սիրուած արհեստաւոր ըլլալով երկար տարիներ աշխատած է Պէյրութի արդիւնաբերական գործարաններուն մէջ։
Ազգային դիմագիծի անձ եղած է հանգուցեալ Գէորգ Կիւլիւմեան ու այդ շնորհքով ալ ու քրիստոնէական իսկական սիրով ընտանիք կազմած է իր կողակիցին հետ։
Անոնք կազմած են ընտանեկան ջերմ բոյն մը բախտաւորուելով զաւակներով՝ Յակոբ, Պարթեւ Ծովիկ եւ Աւօ, որոնք բոլորն ալ ստացած են ազգային դաստիարակութիւն եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կարողացած է իր ոլորտին մէջ դառնալ յարգուած ու սիրուած անհատներ։
Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալը հայրն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երբեմնի միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ.Պարթեւ վրդ. Կիւլիմեանին, որ ներկայիս հոգեւոր առաքելութիւն կ՚իրականացնէ՝ Լոս Անճելըսի մէջ։
Հ. Պարթեւ այս առթիւ հրպարակած է մահագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
«Հանգստութիւնդ վերագտի՛ր, ո՜վ իմ անձս, որովհետեւ Տէրը բարիք ըրաւ քեզի։ … Ուստի Տիրոջ ներկայութեան պիտի ապրիմ ողջերու երկրին մէջ» (Սաղմոս 116.7, 9)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծհօր, մօրեղբօր, հօրեղբօր, խնամիին եւ հարազատին՝ Գէորգ Կիւլիւմեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 26 Յունուար 2025-ին:
Թաղման կարգն ու յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենան Չորեքշաբթի, 29 Յունուարին, որուն մանրամանութիւնները կը փոխանցուի յետագային։
Սգակիրներն են,
Այրին՝ տիրամայր Անթուանէթ Կիւլիւմեան,
Որդիները՝ Յակոբ եւ Մարինէ Կիւլիւմեան եւ զաւակները՝ Լորի եւ Գէորգ,
Հայր Պարթեւ եւ Լիլիա Կիւլիւմեան,
Աւօ Կիւլիւմեան եւ զաւակները՝ Մելինէ եւ Գէորգ,
Դուստրը՝ Ծովիկ եւ Ռաֆֆի Ասատուրեան եւ զաւակները՝ Բալիկ, Մեղրի եւ Պերճ,
Եւ համայն Կիւլիւմեան, Չաքրեան, Ասատուրեան, Յակոբեան, Չոպանեան ընտանիքներ, հարազատներ ու բարեկամներ։
Աստուած իր լոյս արքայութեան արժանացնէ հանգուցեալ Գէորգ Կիւլիւմեանի հոգին, եւ բոլորին շնորհէ Սուրբ Հոգւոյ անսպառ մխիթարութիւնը։
Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման մանրամասնութիւնները պիտի յայտարարուին աւելի ուշ։