Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ, փետրուար 3-7-ը աշխատանքային այցով կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ կառավարութենէն։
Այցի շրջածիրէն ներս վարչապետը Ուաշինկթընի մէջ պիտի մասնակցի 5-րդ ամէնամեայ Միջազգային կրօնական ազատութեան գագաթնաժողովին, ինչպէս նաեւ «Ազգային աղօթքի նախաճաշին»։
Նախատեսուած են նաեւ շարք մը այլ հանդիպումներ։