Դիմատետրի օգտատէր Վարուժան Մաւլեան պատմական լուսանկար մը հրապարակած է՝ կատարելով կարճ գրառում մը։
Մաւլեան մասնաւորապէս գրած է. «Լուսանկարը առնուած է Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարան»ի գլխաւոր դռան շէմին։
Լուսանկարին մէջ կ՚երեւին Օսմանեան Կայսրութեան «Պանք Օթոման»ի գրաւման գործողութեան գլխաւոր պատասխանատու Բաբգէն Սիւնին ու նաեւ արեւմտահայ յայտնի բանասէր ՝ Հրաչեայ Աճառեանը։
Յիշեցնենք, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունեցող «Պանք Օթոման»ի գրաւման (օսմանեան դրամատան գրաւումը տեղի ունեցած է 14 օգոստոս 1896-ին) գործողութեան գլխաւոր առաջնորդները եղած են Բաբգէն Սիւնին եւ Արմէն Գարոն։ Սիւնի նահատակուած է գործողութեան ընթացքին՝ այդպէսով միանալով հայ ազատագրական պայքարի բիւրաւոր նահատակներու վեհ փաղանգին։