Ռուսիան նախկինի պէս պատրաստ է աջակցելու Երեւանի եւ Պաքուի բանակցութիւններուն, սակայն կողմերն ի վիճակի են ինքնուրոյն բանակցելու։ Այս յայտարարութիւնն ըրած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։
Աւելի վաղ ԱԺ խօսնակ Ալեն Սիմոնեանն ըսած էր, որ ՀՀ–ն դժուար թէ ընդունի Ռուսիոյ միջնորդութիւնը Ատրպէյճանի հետ երկխօսութեան համար։
«Երեւանէն տարբեր մակարդակներով յայտարարութիւններ եղած են, որ միջնորդներու կարիք չկայ: Երեւանն ու Պաքուն ի վիճակի են ինքնուրոյն աւարտին հասցնելու այս գործընթացը: Որեւէ հնարաւոր աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւնը պահպանելով` մենք կ՚ողջունենք ինքնուրոյն ջանքերը։ Կարեւորը, որ տարածաշրջանը`Հարաւային Կովկասը, շարունակէ մնալ կանխատեսելի, խաղաղ եւ վերածուի բարեկեցութեան ու համագործակցութեան տարածքի», –ըսած է Փեսքովը լրագրողներուն` մեկնաբանելով Սիմոնեանի յայտարարութիւնը։